
Գերեզմանատան մատուռի կարծր եւ անհանգիստ աթոռին վրայ նստած՝ հանգիստ դիրք մը կը փնտռէի, բայց չէի գտներ: Հոգեպէս ջարդուած, անօգնական վիճակիս մէջ, թերացող եւ հետզհետէ վատթարացող յիշողութիւնս էր, որ զիս փոխադրած էր հեռուն՝ հո՛ն, ուր ժամանակը կարծես կանգ առած էր, եւ մենք տակաւին 15 տարեկան տղաք էինք՝ դասընկերներ, ես եւ Ռաֆֆին:
Գունաւոր յիշատակներու շարան մը, երազային նկարներու երիզ մըն էր, որ կ՛անցնէր աչքերուս առջեւէն, ուր մեր տղայական, պատանեկան քաջագործութիւններն ու հաճելի դպրոցական պահերը կու գային ու կ՛անհետանային շատ արագ, պէտք եղածէն արագ:
Ռաֆֆիին հետ ընկերացանք 7րդ դասարանին: Սկիզբը, Ռաֆֆիի խօսակցութիւնը ինծի կը թուէր հեգնական, յարձակողական եւ անտաշ: Երբ Ռաֆֆիի խօսք ուղղէիր, շատ հաւանաբար իր պատասխանը ըլլար՝ «այո՛, ղուրպան»: Որեւէ խօսակցութիւն Ռաֆֆիին հետ, չճանչցողին կրնար յարձակողական եւ կոպիտ թուիլ: Բայց շուտով անդրադարձայ, որ Ռաֆֆիի խօսակցութիւնը հարազատ էր, ոչ հեգնական եւ ոչ շինծու:
Ռաֆֆին կը նմանէր անտաշ ադամանդի մը, որուն արտաքինը կրնար չտպաւորել, բայց ներքինը լուսաւոր, պայծառ եւ անգին էր: Իր համեստութիւնը եւ մշտական ուրախութիւնը վարակիչ էր եւ հիանալի:
Իր ուրախ, սրամիտ եւ համեստ բնաւորութիւնը իր անձը սիրցնել կու տար բոլորին: Կատակասէր Ռաֆֆիին հետ դժուար է, որ զզուելի պահեր անցնէիր:
Կ՛ըսեն, թէ Պուրճ Համուտի ջուրը խմողը գէշ մարդ չի կրնար ըլլալ: Ռաֆֆիի պարագային՝ այդ խօսքը ճիշդ էր: Լսելէս ետք, թէ ան անհանգիստ է, քանի մը առիթներով գացի զայն տեսնելու, եւ ամէն անգամ նեղուած կը վերադառնայի՝ կնոջս ըսելով. «Երանի փայլուն Ռաֆֆին այս վիճակին մէջ չտեսնէի»:
Նոյնպէս, ամէն անգամ կ՛որոշէի, որ երբ զինք տեսնեմ, ըսելիքներ ունիմ եւ զանոնք պէտք է արտայայտեմ: Անշուշտ, իբրեւ ուշադիր ընկեր, միշտ ալ խուսափած եմ արտայայտուելէ, որպէսզի իր հոգեվարքային դժուարին պահերուն զգայուն նիւթեր չծեծեմ:
Ղուրպանս, ընկե՛րս, ներէ՛ ինծի, որ ուշացայ: Գիտեմ, որ կը զգայիր, թէ մենք քեզ կը սիրէինք, բայց լաւ կ՛ըլլար, որ մեզմէ լսէիր՝ նախքան հոգիդ աւանդելդ: Գիտեմ, որ երկրային կեանքիդ ընթացքին աւելիին արժանի էիր: Ցաւատանչ մարմինդ հողին յանձնեցինք, եւ հիմա, երբ հոգիդ եդեմական կեանքին արժանացաւ, հանգստացի՜ր, հանգստացի՜ր, արժանի՛ ես:
Ընկերդ՝
ՎԱԶԳԷՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ