ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Սոյն շաբթուան սկիզբը Արամ Ա. վեհափառը անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ «Թռչնոց Բոյն», բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեաններուն հետ:
Վեհափառ հայրապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ «Թռչնոց Բոյն» հաստատուած փոքրիկներու առօրեայ կեանքով եւ անոնց նկատմամբ որբանոցի պատասխանատուներուն ցուցաբերած հոգածութեամբ ու խնամքով: Վեհափառը հաստատեց «Թռչնոց Բոյնէն» ներս կատարուող կազմակերպ ու հոգածու աշխատանքը:
Յայտնենք, որ այս տարի 42 փոքրիկներ պատսպարուած են «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ: Այս առիթով հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց «Թռչնոց Բոյն»ին զանազան ձեւերով օգտակար հանդիսացող բոլոր բարերարներուն՝ ըսելով, որ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն օգտակար ըլլալը աստուածահաճոյ գործ է, եւ Աստուած պիտի վարձատրէ բոլոր անոնց, որոնք աղքատին, կարիքաւորին, հիւանդին ու զրկեալին օգտակար կ՛ըլլան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.