ԱՐԻՍ ՆԱԼԸՃԸ
Պոլսահայ լրագրող Արիս Նալճը 24 Ապրիլ 2011ի նախօրեակին թրքական բանակին մէջ ծառայող՝ սպան-նուած հայ զինուոր, Սեւակ Պալըքճըի պարագան աւելի լաւ հասկնալու համար «Թի 24»ի պլոկին մէջ անդրադարձած է թրքական բանակին մէջ զինուորական ծառայութիւն կատարող երկրի քաղաքացի հայերուն: Բոլորը զինուորական ծառայութենէն յուշեր ունին: Ոմանք կ՛ըսեն. «Այդտեղ զիս տղամարդ դարձուցին», ոմանք ալ ծառայել չեն ուզեր: Նալճը կը գրէ. «Այստեղ կ՛ըսեն, թէ՝ «Ամէն թուրք զինուոր կը ծնի», սակայն մեր հայկական ինքնութիւնը չի համապատասխաներ այդ կարգախօսին: Թերեւս եթէ ծառայութեան ընթացքին հայերու ապրածը հասկնանք, աւելի լաւ պիտի հասկնանք Սեւակ Պալըքճըի հետ տեղի ունեցածը»:
ՍԵՒԱՆ Ք.- 19 Յունուար 2007, ճաշասրահի մէջ ենք: Հայաստանի սահմանին մօտ գտնուելու պատճառով ինքնութիւնս այստեղ յաճախ կը յիշեն: Այդ օր ճաշասրահի պատկերասփիւռի կայանէն լսեցինք Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին:
Միացեալ Նահանգներու մէջ դպրոցը աւարտելով վերադառնալէ ետք, կը մտածէի՝ այստեղ շատ բան փոխուած է: Այդ օր աչքովս տեսայ, որ ոչինչ փոխուած է: Ճաշասրահին մէջ Հրանդի սպանութիւնը ժպիտով լսող զինուորները քիչ կը մնար ուրախութենէն պարէին: Ոմանք կը խօսէին: Անոնց ամէն խօսքը տակաւին ականջիս է: Գիտեմ՝ դիտմամբ կ՛ընեն, որ լսեմ: Ինքզինքս կը զսպեմ, կը կլլեմ: Յաջորդ օրը հրամանատարը կը կանչէ. «Տղա՛ս, տե՛ս, եթէ բան մը ըսեն, մօտս եկուր»:
ԳԷՈՐԳ Դ.- Ճաշասրահի մէջ եմ: Ճաշասրահը ինծի վստահած են, հաշիւները ես կ՛ընեմ: Կիպրոսի մէջ (Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ) եմ: Վերադաս սպան ամէն օր ինձմէ հաշիւ կը պահանջէ: Ամէն հաշիւ պահանջելու ատեն ալ թոսթ կ՛ուզէ: Երբեմն կը վճարէ, իսկ շատ անգամ՝ ոչ: Ամէն շաբաթ կու գայ հաշիւը ստուգելու եւ թոսթին գինը չվճարելուն պատճառով գումարը պակաս կ՛ըլլար: «Ինչո՞ւ գումարը պակաս է», կը բարկանար: Հայ ըլլալս անունէս յայտնի է, նոյնիսկ եթէ մականունս «եան» չունի: Այդ թոսթի գումարին պատճառով ծնօտս կոտրեցին: Քանի մը շաբաթ հիւանդանոց մնացի: Ծնօտս կտրողն ալ հիւանդանոցին մէջ ինծի կ՛այցելէր: «Դասդ առի՞ր», կը հարցնէ, որուն կը պատասխանեմ. «Ո՛»չ: Այս անգամ թեւս կը կտրէ: Շաբաթ մը եւս հիւանդանոցին մէջ…
ԼԵՒՈՆ Թ.- Ես վճարովի ծառայող էի: Քանատայէն եկած էի: Շարուած ենք, մեր անունները կը հարցնեն: Վերադաս սպան ինծի «Լէոն» կ՛ըսէ, յետոյ կը հարցնէ. «Լէոն, ասիկա ի՞նչ անուն է»: «Հայ եմ»՝ կը պատասխանեմ: Միւսները խէթ-խէթ կը նային: Ինչո՞ւ Հայաստանէն եկած եւ այստեղ կը ծառայէ: Վերադաս սպան կը պատասխանէ. «Դուք ի՞նչ մարդ էք, ան Թուրքիոյ քաղաքացի է: Դուք ձեր տան մէջ քրտերէն կը խօսիք, իսկ ան՝ թրքերէն: Չէ՞, Լէոն», կ՛ըսէ ան, եւ ես չեմ կրնար կողմնորոշուիլ՝ ի՛նչ պատասխանել: Ան զիս կը պաշտպանէ՞ր, թէ՞ կ՛ըսէր՝ «Քաղաքացի՛, թրքերէ՛ն խօսէ»:
ՀԱՅԿՕ ՊԱՂՏԱԹ.- 1996-1998ին ծառայած եմ: Պատերազմի ամէնէն տաք շրջանն էր: 1996ին Տերսիմի կիսազինուորական ոստիկանութեան վրայ յարձակում կատարուած էր: Մեզ այդտեղ ուղարկեցին: Դժուար ժամանակներ էին: Անգամ մը ենթասպայ մը անունս հարցուց: «Հայկօ», պատասխանեցի: «Ինչո՞ւ Հայկօ», հարցուց, որուն իբրեւ պատասխան՝ ըսի, որ հայ եմ:
Որոշ ժամանակ ետք հարցուց թլփատուա՞ծ եմ, թէ՞ ոչ. ըսաւ, որ չթլփատուած զինուորներուն ծառայութեան ընթացքին թլփատելու ծառայութիւն գոյութիւն ունի: Ըսի, որ պէտք չէ: Ատկէ ետք շուրջ մէկուկէս շաբաթ զիս տարբեր ճամբաներով կը համոզէր թլփատուիլ, իսկ ետքը տեղեկացուց. «Թլփատուելու անհրաժեշտութիւն չկայ»:
ԶԱՒԷՆ ՉԻՏԵՄՕՂԼՈՒ.- Ծառայութեան մեկնելէ առաջ Պողազճի համալսարանին մէջ պարտաճանաչ ուսանող էի: 1980ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք մինչեւ 1985 բազմաթիւ անգամ իբրեւ դասալիք կալանաւորուած եմ, հակառակ անոր, որ ուսանողական գրքոյկ ունէի: Ամէնէն երկար կալանքը տեւած է 2 ամիս 10 օր: Շուրջ երկու տարի տեւած ձերբակալութիւններու, յոգնածութեան, սովի, ծարաւի, անքնութեան պատճառով 72 քիլօ նիհարցայ՝ դառնալով 53 քիլօ: Աւելի ուշ բուժուեցայ: Ի վերջոյ, 1992ին վճարովի ծառայութենէն օգտուելով՝ 2 ամիս տեւած ծառայութիւնս կատարեցի: Սակայն ինծի համար զինուորութեան արկածախնդրութիւնը կարծես 12 տարի տեւած ըլլար: