Մարտիկ Պուլտուքեան իր հօր՝ Յարութիւնի, յիշատակը յարգեց՝ ստանձնելով «Ասպարէզ»ի մէկ տարուան թիւերու թուայնացման հովանաւորութիւնը:
Ան հիմա երկրորդ հազար տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարելով ստանձնեց նաեւ 2008ի «Ասպարէզ»ի թիւերու թուայնացման ծախսերը՝ այս անգամ յարգելով յիշատակը իր սիրելի ընկերոջ Ստեփան Ազիրեանի:
Սիսի «Ազիրեան» ակումբի բարերար Միսաքի եւ Լիբանանի Օգնութեան Խաչի Սիսի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն Արշալոյսի թոռնիկ Ստեփան Ազիրեանը վաղահաս մահացած է այստեղ, Լոս Անճելըսի մէջ:
Լոյս իր յիշատակին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.