
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Միացեալ Նահանգներու մէջ ձերբակալուած են Ուինսքանսըն Ռապիթս քաղաքի բնակիչներ Ճեֆըրի Լիփն ու Մայքըլ Էտիքթը, որոնք կը մեղադրուէին Հայաստանի մէջ զինեալ յարձակում գործելու յանցանքով։ Ուինսքանսընի նահանգային լրատուամիջոցները յայտնած են, որ այս երկու ամերիկացիները կը մեղադրուէին զինեալ կողոպուտի, ապօրինի կերպով ատրճանակ կրելու եւ գողութիւններ կատարելու յանցանքով: Համաձայն մեղադրական եզրակացութեան, վերոնշեալ անձերը ամրան Հայաստանի մէջ գողութիւն կատարելու նպատակով բնակարան մը ներխուժած էին ու հրամայած այդ պահուն տան մէջ գտնուող կիներուն, որ իրենց դրամ տան։ Երբ կիները ննջասենեակ բարձրացած էին՝ պահանջուած գումարը տալու համար, գողերը հետեւած էին անոնց, աստիճաններուն վրայ սկսած է քաշքշուք, կիներէն մէկը կրցած է տղոց դիմակները հանել եւ տեսնել անոնց դէմքը: Գողերը, որոնցմէ մէկը քաշքշուքի ատեն վիրաւորուած էր, կրցած են դրամապանակները առնել եւ փախչիլ:
Հետագային կիները կրցած են ոստիկանութեան բաժանմունքին մէջ տղամարդոց մօտաւոր նկարագրականը տալ, այդպիսով ալ ոստիկանները կրցած են գտնել գողերը: Աւելի ուշ պարզուած է, որ գողերը ատրճանակը նետած են գետը, իսկ հագուստները այրած:
Եթէ վերոնշեալ մեղադրանքները դատարանին մէջ հաստատուին, ապա գողերը պիտի տան 100 հազար տոլար տուգանք եւ 40 տարուան բանտարկութեան պիտի ենթարկուին։