ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ոեւէ հայ մայր, նաեւ՝ հայ մօր առաքինութեանց ու դերին ծանօթ ոեւէ հայորդի բաժնեկից է այն հպարտութեան ու բարի զգացումներուն, որոնք արտայայտուեցան Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ի երեկոյեան, Հայ Մօր Տարուան առիթով Ազգ. առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին. ձեռնարկ մը, որ պաշտօնապէս իր լրումին կը հասցնէր հայ մօր նուիրուած ձեռնարկներու շարքը, սակայն բնականաբար վերջակէտ չի դներ հայ մօր հանդէպ յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւններուն, ինչպէս բնորոշեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ։
Ընդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի կոչին, Ազգ. առաջնորդարանը, թեմի եկեղեցիներն ու դպրոցները տարուան ընթացքին մէկէ աւելի հանդիսութիւններով տօնակատարեցին այս առիթը։ Հոկտեմբեր 29ի հանդիսութիւնը կը հանդիսանար հրապարակային ձեռնարկներուն եզրափակումը։ Սրբազանին կողքին, ներկայ էին հոգեւորականաց դասու, Ազգ. վարչութեան անդամներ, եկեղեցիներէ եւ միութիւններէ ներկայացուցիչներ, նաեւ՝ հոծ բազմութիւն մը։
Սրահի մուտքին, մայրերը դիմաւորուեցան ծաղիկներով։ Դասախօսութեամբ եւ գեղարուեստական յայտագիրով կերտուած երեկոն, որ կազմակերպուած էր առաջնորդարանի մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ, կը վայելէր առաջնորդին հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը եւ տեղի կ՛ունենար «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ։
Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետ Հրայր Ճերմակեանը, որ նախ եւ առաջ հրաւիրեց առաջնորդը՝ կատարելու բացման աղօթքը։ Ապա, ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ այս ձեռնարկի շարժառիթին եւ հրաւիրեց Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի ուսուցչուհի Թամար Թիւֆէնքճեան-Սէրայտարեանը, ստանձնելու հանդիսավարութիւնը։ Ան, ողջունելէ ետք ներկայ հանդիսականները՝ անդրադարձաւ հայ մօր դերին ու արժանիքներուն, մանաւանդ նկատի ունենալով մերօրեայ կեանքի պայմաններն ու մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ անոր առաքելութիւնը՝ անհատի ու ազգի ապագայի կերտումին մէջ։ Ան կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ մեր ժողովուրդը մօր արժէքով չափած է նաեւ հայրենիքը ու հայրենական սրտամօտ արժէքներ՝ մայր կոչելով հայրենիքը, Արաքս գետն ու մայրենին։
Գեղարուեստական յայտագիրը հարուստ էր, մարմնաւորուած՝ աշակերտական եւ արուեստագէտներու ելոյթներով։ «Փիլիպոս»ի 10րդ եւ 11րդ դասարաններու աշակերտները ներկայացուցին քանի մը քերթուած ու երգ՝ սրինգի եւ կիթառի վրայ նուագակցութեամբ։ Նաեւ արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը», երգեցին Սմբատ Շահազիզի «Երազ»ն ու «Զարթիր Որդեակ»ը։ Գեղարուեստական յայտագիրին մէջ բաժին ունէին Սօսի եւ Սալբի՝ մայր եւ դուստր արուեստագիտուհիները, որոնք քնարի եւ սրինգի վրայ ներկայացուցին Տիգրան Մանսուրեանի «Կտոր մը երկինք», Կոմիտասի «Ալագեազ» եւ «Կաքաւիկ» կտորները, ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ երգչախումբի անդամներէն Հելենա Աւանէսեան մատուցեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ն ու Աշուղ Ջիւանիի «Մայրիկ»ը, իսկ Ռոզանա Ուլիկեանը ասմունքեց Արշալոյս Սարոյեանի «Մայր» եւ Ա. Իսահակեանի «Մայրիկիս» բանաստեղծութիւնները։ Հանդիսավարը բոլոր խումբերը եւ արուեստագէտները ներկայացուց արժանաւորապէս։ Ուշագրաւ էր, որ երիտասարդ արուեստագիտուհին՝ Սալբին, ինքնաբուխ կարճ խօսքով մը իր երախտապարտութիւնը յայտնեց քնարի վրայ իրեն նուագակցող մօր՝ Սօսիին, ո՛չ միայն երաժշտութեան աշխարհին մէջ զինք առաջնորդած ըլլալուն, այլ մանաւանդ իր հայեցի կրթութեան համար:
Օրուան դասախօսն էր «Փիլիպոս»ի տնօրէնուհի դոկտ. Ալինա Դուրեանը։ Հանդիսավարը ներկայացուց անոր ուսումնական ու կազմակերպական ասպարէզներու վաստակին ընդհանուր պատկերը՝ վեր առնելով վարժարաններու եւ համալսարանական շրջանակներու մէջ անոր մատուցած ծառայութիւնները։ Ան յիշեցուց նաեւ, որ ազնիւ դասախօսը 90ական տարիներուն երախտապարտ գործ կատարած է Արցախի մէջ՝ հանդիսանալով ազատագրեալ երկրամասին մէջ ժողովուրդի առողջապահական անմիջական կարիքները հոգացող առաջին կեդրոնները հաստատողը։
Դասախօսը սրտառուչ արտայայտութիւններով վեր առաւ ընդհանրապէս հայ մօր եւ մասնաւորաբար իր մօր, մեծ մօր ու մեծ-մեծ մօր դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը իր ու նոր սերունդներու կերտումին մէջ, ընդգծելով, որ մայրը Արարիչին գլուխ գործոցն է ու անոր գործակիցը՝ զաւակներու կեանք տալու եւ անոնց աճումին մէջ, ու եթէ մայրը օրհնութիւն է ու պարգեւ, ապա զաւակն ալ անոր օրհնանքն է։ Ան կարեւորութեամբ վեր առաւ մօր առաքելութիւնը մարդկութեան ու հայրենիքի կերտումին մէջ, պատմեց որոշ դրուագներ արցախեան եւ կեանքի իր փորձառութիւններէն, ու իր խօսքը եզրափակեց՝ յարգանք արտայայտելով բոլոր մայրերուն, նաեւ անոնց, որոնք առյաւէտ բաժնուած են այս աշխարհէն։ (Բանախօսին ու հանդիսավարին խօսքերը պիտի տանք առանձնաբար)։
Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը։ Ան յիշեցուց, որ այս տարուան ընթացքին, մենք ընդառաջեցինք վեհափառի կոչին ու բազմաթիւ արտայայտութիւններով մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը մատուցեցինք մեր մայրերուն, վեր առինք մանաւանդ հայ մօր արժանիքներն ու առաքինութիւնները, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ այս զգացումները չեն սահմանափակուած միայն 2013 թուականով. սիրոյ ու յարգանքի այլ զգացումները մեր մէջ պիտի մնան նաեւ յառաջիկային, յարգանքի ու երախտագիտութեան արտայայտութիւններ պիտի ունենանք միշտ։
Սրբազանը շեշտեց, որ այս տարուան հանդիսութիւնները իրագործեցին գոնէ երկու բան. նախ՝ այն, որ որդիական սէր, յարգանք ու երախտագիտութիւն արտայայտեցինք հայ մօր, երկրորդ՝ լուսարձակի տակ բերինք մօր առաքինութիւններն ու արժանիքները՝ հայ մօր ծառայութիւնը, սէրն ու սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ անոր յանձնառութիւնը, ուխտի վերանորոգումը։ Եթէ այս երկու կէտերը իրագործուեցան, ուրեմն Հայ Մօր Տարուան տօնակատարութիւնը լիովին արժեւորուած պէտք է նկատել։
Առաջնորդը բարձր գնահատեց այս ձեռնարկը մարմնաւորողները, հանդիսավար, աշակերտներն ու արուեստագէտները, մասնաւորաբար՝ ազնիւ դասախօսը, ձայնակցելով անոր այն մտածումին, թէ մայրը Աստուծոյ օրհնութիւնն ու պարգեւն է, «իսկ դուք ալ ձեր մօր օրհնանքն էք»։ Առաջնորդը կարեւորութեամբ կանգ առաւ Հայ Մօր Տարուան առիթով վեհափառ հայրապետին պատգամի ներքին բաժիններուն վրայ՝ յորդորելով, որ թէեւ այդ պատգամը տարեսկիզբէն ի վեր տրամադրուած է մեր ժողովուրդին, սակայն կ՛արժէ, որ բոլորս դարձեալ կարդանք զայն ու հոն արձանագրուած մտածումներն ու յորդորները պահպանենք (Ազգ. առաջնորդարանը այս առիթով հրատարակած էր վեհափառին պատգամը բովանդակող գրքոյկ մը՝ հայերէն եւ անգլերէն, որ բաշխուեցաւ ներկաներուն)։
Սրբազանը նաեւ կանգ առաւ այսօրուան կեանքի պայմաններէն բխող մարտահրաւէրներուն եւ հայ մօր անցեալի ու ժամանակակից դերակատարութեան, առաքելութեան ու բազմաճիւղ պարտաւորութիւններուն վրայ, որոնց պէտք է հաւատարիմ մնալ, եւ ընդգծեց, թէ այս եզրափակիչ հանդիսութիւնը թող ըլլայ առիթ մը, որ իբրեւ հարազատ որդիներ ու ազգի զաւակներ՝ վերահաստատենք մեր հաւատարմութիւնը Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հանդէպ։ Ան յիշեցուց, որ անցեալին, մասնակի կամ թերի ուսում ունենալով հանդերձ, հայ մայրեր նկարագիր կերտած են, իսկ այսօր, երբ ուսումն ու բարձրագոյն կրթութիւնը մատչելի է շատերուն, մարտահրաւէրը որքա՛ն շեշտակի է, եւ հայ մայրեր վստահաբար կ՛ընդառաջեն անոր։ Վերջապէս, առաջնորդը ընդգծեց, թէ՝ «ընտանիքի ու ազգի ապագան, նաե՛ւ ներկան, կը գտնուին հայ մօր ձեռքին»։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ սրբազանի «Պահպանի»չով։ Ապա, ներկաները երգեցին «Կիլիկիա»ն, մասնակցութեամբ աշակերտներուն եւ արուսետագէտներուն։ Յանձնախումբը կազմակերպած էր կոկիկ հիւրասիրութիւն մը, զոր վայելեցին հանդիսականները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.