ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը 20-22 Նոյեմբերին Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպէ հայկական գորգագործական մշակոյթի ուսումնասիրման հիմնահարցերուն նուիրուած «Հայկական Հանգոյց. գորգագործութեան աւանդոյթները» խորագիրով միջազգային գիտաժողով: Մշակոյթի նախարարութեան կողմէ յայտնած են, որ գիտաժողովի ծիրին մէջ անդրադարձ պիտի կատարուի հայոց գորգագործական մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ տիպաբանման հիմնախնդիրներուն, աւանդական եւ ժամանակակից գորգերուն, գորգի վերանորոգման արդիական ձեւերուն եւ այլ նիւթերու։
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին հեղինակաւոր մասնագէտներ Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Բրիտանիայէն, Լեհաստանէն, Աւստրիայէն, Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն։
Գիտաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ գորգագործութեան բնագաւառին մէջ գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.