ԵՐԵՒԱՆ.– 25 Հոկտեմբերին Հայաստանի ազգային արխիւի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէս՝ նուիրուած Սիմոն Զաւարեանի մահուան 100ամեակին: Դաշնակցութեան հիմնադիր անդամներէն եւ ազգային նշանաւոր գործիչներէն մէկուն նուիրուած այս նախաձեռնութիւնը արխիւային նիւթերու ցուցադրութեան ընդմէջէն կը ներկայացնէ Զաւարեանի կենսագրութիւնը եւ ծաւալած գործունէութիւնը: Այդ գործունէութիւնը առաւել իմաստալից եւ ընդգրկուն կերպով ուրուագծելու նպատակով ներկայացուած էին նաեւ կուսակցական առնչակից փաստաթուղթեր, վկայութիւններ, լուսանկարներ եւ այլ նիւթեր:
Ցուցահանդէսի բացման խօսքը արտասանեց ազգային արխիւի տնօրէն, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, Ամատունի Վիրաբեանը:
Ան շեշտեց, որ արխիւը իր այս ցուցադրութեամբ կը փորձէ առաւել ամբողջականօրէն ներկայացնել 19րդ դարու վերջերուն թափ առած ազգային ազատագրական պայքարի առաջնորդներէն մէկը: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նշանաւոր գործիչին կողմէ ստեղծուած եւ անոր առնչուող այն կարեւոր փաստաթուղթերուն, որոնք կը գտնուին արխիւի տնօրէնութեան մօտ եւ այս կարեւոր առիթով ներկայացուած են հանրութեան:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին: Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ այս նախաձեռնութիւնը սոսկ յարգանքի տուրք չէ Զաւարեանի յիշատակին: «Կարեւոր է մեր օրերում, կուսակցական, պետական եւ առհասարակ հանրային շրջանակների համար Զաւարեան անհատի գործունէութեան լուսաբանումը: Զաւարեանի կեանքն ու գործունէութիւնը ուսանելի դաս են, թէ՛ բարոյական, թէ՛ քաղաքական, եւ թէ հասարակական իմաստով», շեշտեց Հ. Մարգարեան:
«Զաւարեանը համարւում էր կուսակցութեան խիղճը, նա չափանիշ էր ազնուութեան ու ինքնազոհաբերման: Զաւարեանի խօսքը խարազանող մտրակ էր նախ իր, ապա եւ ուրիշների համար, որ պահանջում էր անկեղծ նուիրում, պահանջկոտութիւն ու նաեւ ինքնաքննադատութիւն: Բարոյականութիւնը նա արժեւորում էր որպէս հիմք կուսակցական ու քաղաքական գործունէութեան համար: Այսօրուայ մեր իշխանութիւնը եւս շատ դասեր կարող է սերտել Զաւարեանի թողած ժառանգութիւնից:
«Ապակենտրոնացման սկզբունքի հիմնական գաղափարախօսներից լինելով Զաւարեանը այդ գործելակերպի հիմքում տեսնում էր կառավարման ժողովրդավար ձեւը: Դրա մէջ էր նա տեսնում կուսակցութեան ուժը, անհատների ու կառոյցների ինքնադրսեւորման հնարաւորութիւնը: Միաժամանակ, ըստ Զաւարեանի, դա մի սկզբունք է, որ հաւաքական ու ժաղովրդավար կառավարման հնարաւորութիւն էր ապահովում առհասարակ: Այս իմաստով եւս Զաւարեանը լաւ ուսուցիչ է մեր օրերի համար: Եւ մասնաւորապէս մեր պետութեան համար», իր խօսքին մէջ նշեց Հրանդ Մարգարեան:
Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ Հայաստանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեանին: Ան անդրադարձաւ Զաւարեանի գործունէութեան տարբեր հանգրուաններուն, կարեւոր նկատեց անոր առանձնայատուկ դերակատարութիւնը՝ ազգային ազատագրական պայքարին մէջ:
Է. Մինասեան կարեւոր նկատեց նաեւ այն ցուցադրութիւնը, որուն ընդմէջէն ազգային արխիւը կրնայ պատկերացում ստեղծել Զաւարեանի անձին եւ հասարակական, ազգային ու քաղաքական գործիչին վերաբերեալ:
Ներկաները հետաքրքրութեամբ ծանօթացան ցուցադրուած արխիւային նիւթերուն։
Զաւարեանի մահուան հարիւրամեակին նուիրուած ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ տարեվերջ:
Զաւարեանի 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկները պիտի եզրափակուին 26 Հոկտեմբերին, Լոռիի մարզի Այգեհատ գիւղին մէջ՝ Զաւարեանի շիրիմին մօտ կայանալիք յիշատակի ձեռնարկով։