ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ժառանգութիւն խմբակցութիւնը չէ նեռարուած ԵԽԽՎ խորհրդարանական պատուիրակութեան կազմին մէջ։ Այս որոշումը տրուած է 23 Հոկտեմբերին կայացած քուէարկութեամբ՝ Ազգային ժողովի ղեկավար Յովիկ Աբրահամեանի առաջնորդութեամբ:
Խորհրդարանական նիստին ընթացքին Ժառանգութիւն խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանջեան յայտարարած է, որ Յովիկ Աբրահամեան ամէն ինչ կ՛ընէ, որպէսզի ԵԽԽՎի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը ոչ ձեռնտու հարցեր չարծարծէ:
Մինչ այդ, խորհրդարանը ծափերով ողջունած է Յովիկ Աբրահամեանի որոշումը՝ Ժառանգութիւն խմբակցութեան անդամները պատուիրակութեան մէջ չնեռարելու առնչուող։
«Պարոն Աբրահամեան, ցանկանում եմ հաղորդել, որ կապուած այդ աւտորիտար որոշման հետ՝ քայլեր են ձեռնարկուելու: Ձեզ շատ դժուարին օրեր են սպասւում, ձեր կուսակիցներին եւս: Այս գործողութիւնները ձեզ չի ներուելու», յայտարարած է Փոստանջեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.