
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 17 Հոկտեմբերին Հաագա քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցած է Հոլանտայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի խումբ մը անդամներու հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հոլանտա-Արցախ խորհրդարանական կապերու զարգացման, ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ պաշտօնական Ստեփանակերտ մեծապէս հետաքրքրուած է Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններու զարգացմամբ՝ նշելով, որ ատոր համար առկայ են խոստումնալից հեռանկարներ:
Նոյն օրը նախագահ Սահակեան հանդիպում ունեցած է նաեւ հայ համայնքի ղեկավարութեան հետ՝ քննարկելով հայ համայնքի եւ Արցախի միջեւ կապերու ամրապնդման առնչուող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնած է հոլանտահայութեան՝ Արցախին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար, նշելով, որ կ՛ակնկալէ մեր հայրենակիցներուն աշխոյժ մասնակցութիւնը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 2013ի հեռուստամարաթօնին եւ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներուն:
Հանդիպման կը մասնակցէին Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանը, պաշտօնատարներ, Հոլանտայի մօտ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեանը եւ այլ անձինք: