ՆԱՐԷ ՂԱՐԻՊԵԱՆ
Կիրակի, Հոկտեմբեր 13ին, հարիւրաւոր քաղաքացիներ հաւաքուած էին Լա Քրեսենթայի երկրորդական վարժարանը, միասնաբար տօնելու երկու հարուստ մշակոյթներ, որոնց ներկայացուցիչիները կայք հաստատած են Լա Քրեսենթա քաղաքին մէջ: Հայ-Քորէական տարեկան երկրորդ փառատօնը իրականացնելու նպատակով, Հայ մշակութային հիմնարկութեան եւ Հիւսիսային Լոս Անճելըսի քորէա-ամերիկեան դաշնակցութիւնը միացեալ յանձնախումբ մը գոյացուցած էին՝ առաջնորդութեամբ երկու համաատենապետներու՝ դոկտ. Քարմէն Օհանեանի եւ Ճէյմզ Փաքի:
Կազմակերպիչներուն նպատակն էր «բարեկամութիւններ գոյացնել եւ մշակութային փոխադարձ հասկացողութիւն սերմանել երկու համանքներուն միջեւ, որոնք Լա Քրեսենթայի շրջանին մէջ մեծագոյններն են: Այս միջոցով, ապագայ սերունդները կը սորվին այլազանութիւն յարգել, միաժամանակ՝ ամուր պահելով իրենց ազգային ինքնութիւնները»:
Դպրոցի բակին մէջտեղը կը ծածանէին ամերիկեան, քորէական եւ հայկական դրօշակները: Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ ամերիկեան քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքեր արտասանուեցան դոկտ. Քարմէն Օհանեանի եւ Ճէյմզ Փաքի կողմէ, երեք լեզուներով, ապա կազմակերպիչներուն յանձնուեցան գնահատագիրներ:
Գնահատագիրներ յանձնուեցան Քրեսենթա հովիտի խորհուրդի նախագահ Շերըլ Տէյվիսի եւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Մայք Կաթոյի կողմէ, երեսփոխանի ներկայացուցիչ Մերի Մանուկեանի ձեռամբ:
Ամբողջ փառատօնին ընթացքին ակնյայտ ու զգալի էր մշակոյթներու փոխադարձ կապերու հաստատումը, ըլլայ այդ կերակուրներու, աւանդական պարերու, ինչպէս նաեւ այլ արուեստներու եւ ձեռային աշխատանքներու միջոցաւ: Մօտաւորապէս 800 հոգի վայելեց փառատօնի այս իւրայատուկ մթնոլորտը:
Օրուան հանդիսավարն էր Արիկ Գէորգեան, որ յաջորդաբար բեմ հրաւիրեց գեղարուեստական յայտագիրին մասնակիցները, որոնք երգերու եւ պարերու կողքին՝ ներկայացուցին նաեւ մարտարուեստի կատարումներ: Գեղարուեստական ձեռնակի մասնակիցներն էին՝ «Էլիթ Թեքուանտօ» եւ «Չունկ Հիօ» մարտարուեստի դպրոցներու աշակերտները, ինչպէս նաեւ աւանդական ազգային պարերու հետեւեալ խումբերը՝ «Հիզ Եու», «Ճանպազեան», «Էթնօ Ֆոլք», «Հելեն Տենս Սթուտիօ» եւ «Էն.Քէյ. Սթուտիօ»:
Գեղարուեստական յայտագիրին երգերով եւ երաժշտութեամբ մասնակցեցան երեխաներու «Հան Ըրլ» երգչախումբը, Քորէական դասական երաժշտութեան Ամերիկայի հիմնարկի աշակերտները, Երաժշտութեան միջազգային վարժարանի ուսանողները, Ս. Մեթիու Քորէական կաթոլիկ եկեղեցւոյ երգչախումբը, Հայ Քոյրերու վարժարանի երգչախումբը, «Առ. Մին Ռեփըր»ը, Լանորի Մատանկը եւ «Ուշացանք» նուագախումբը:
Հայ-Քորէական փառատօնի կազմակերպիչները յաջողեցան մշակութային որակաւոր փոխանակման հարթակ մը ստեղծել, ջերմ ու հաճելի մթնոլորտի մը մէջ:
Յուսանք 2014ը իրեն հետ կը բերէ մեր մարդկութիւնը բաժնեկցելու աւելի լաւ առիթներ՝ սկսելով Լա Քրեսնթայէն ու հասնելով մինչեւ Քալիֆորնիոյ եւ աշխարհի տարածքը:
(Թարգմանուած Անգլերէնէ)