ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւնը (Հ1) իր նոր եթերաշրջանին պիտի ցուցադրէ քանի մը մասերէ բաղկացած ֆիլմաշարեր: Այս մասին Ազգային ժողովի նիստին յայտնած է «Հանրային ռադիօհեռուստաընկերութեան խորհրդ»ի նորանշանակ նախագահ Ռուբէն Ջաղինեանը՝ խորհուրդի 2012ի հաշուետուութեան ներկայացումէն ետք պատասխանելով Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Կարինէ Պօղոսեանի հարցումին, որ կը վերաբերէր Հ1ի ֆիլմաշարային քաղաքականութեան: «Լինելու է ոչ թէ մէկ սերիալ, այլ 12, 16, 18 կինոմասերից բաղկացած սերիալներ, որոնց սցենարներն այնպէս են գրուած, որ եթէ դուք նայէք 8րդ մասը, դա ձեզ չի խանգարի, եթէ առաջին եօթ մասերը չէք նայել», յայտնած է Ջաղինեան՝ ընդգծելով, որ «նոր ոճի սերիալները կը լինեն հայրենանուէր, քանի որ Հանրայինը գործունէութեան այդպիսի ուղի է որդեգրել»:
Հայաստանի Ազգային ժողովի գիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի անդամ, ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Հայկ Բաբուխանեանը համակարծիք էր գործընկերներուն այն մտահոգութեան, որ ֆիլմաշարերը կրկնօրինակման աղբիւր կը դառնան յատկապէս անչափահասներուն համար՝ ազդելով անոնց վարքին, բառապաշարին վրայ: Ան նշած է, որ որեւէ ֆիլմ եւ հաղորդում պէտք է դաստիարակչական բնոյթ ունենայ: «Ժամանակին «Աննա» սերիալ կար, որտեղ մի ընտանիքի դժբախտութիւնը, որ միգուցէ բնորոշ էր մեր հասարակութեան 5 տոկոսին, ողջ հանրութիւնը ստիպուած էր դիտել, մինչդեռ դա բնորոշ չէ բոլոր ընտանիքներին, եւ չպէտք է դա պարտադրել բոլորին», դիտել տուած է Բաբուխանեանը:
Ազգային ժողովի ՕԵԿ խմբակցութեան պատգամաւոր Մհեր Շահգելդեանը նշած է, որ անհրաժեշտ է մշակել ռազմավարութիւն, որուն հիմնական մօտեցումներէն մէկը պէտք է ըլլայ պատկերասփիւռի ճամբով ազգային հերոսի ձեւաւորումը:
Նշենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը 26 Սեպտեմբերի նիստին որոշած էր՝ «Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութիւն» ՓԲԸ կողմից իրականացուող ներդրումային ծրագրով ներմուծուող 300 միլիոն դրամը գերազանցող արժէքով ապրանքների ԱԱՀ վճարման ժամկէտը յետաձգել մինչեւ 2016 Սեպտեմբերի 15ը»: Ընկերութիւնը կը նախատեսէ կատարել սարքերու վերանորոգութեան եւ նորերով օժտելու աշխատանք, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ աւելի լաւորակ հեռարձակում կատարել եւ համապատասխանել միջազգային չափանիշներուն: Այդ նպատակով պիտի կատարուի աւելի քան 1 միլիառ դրամի ներդրում:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.