Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունեցող ըմբշմարտի աշխարհի ախոյեանութեան ընթացքին հայրենի ըմբիշները տիրացան երեք մետալի:
Թէեւ 96 քկ դասակարգին մէջ Արթուր Ալեքսանեան հասաւ աւարտական հանգրուան, սակայն պարտուելով իր ռուս մրցակիցէն՝ Քիրիլ Մելնիքովէն, հանդիսացաւ աշխարհի փոխախոյեան:
2-2 արդիւնքի լոյսին տակ, իրաւարարները յաղթանակը շնորհեցին Մելնիքովին՝ նկատի ունենալով, որ Ալեքսանեան նկատողութիւն մը աւելի ստացած էր:
74 քկ դասակարգէն Արսէն Ջուլֆալակեան (յունահռոմէական ոճ) տիրացաւ պրոնզէ մետալին՝ 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք դանիացի Մարք Մետսենին:
Վերջապէս, 55 քկ դասակարգին մէջ (յունահռոմէական ոճ), Ռոման Ամոյեան, տիրացաւ պրոնզ մետալին՝ 5-4 արդիւնքով յաղթելէ ետք ամերիկացի Թոմաս Սփենսըր Մանկոյին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.