
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Ստեփանակերտի մէջ շուտով պիտի սկսի գործել նոր հանրապետական հիւանդանոցը, որուն կառուցման համար Սամուէլ եւ Կարէն Կարապետեաններուն ընտանիքը ներդրած է շուրջ 30 միլիոն տոլար. այս մասին յայտնած է «Տաշիր» բարեգործական հիմնարկի մամլոյ ծառայութիւնը:
Շուրջ տասը հազար քմ. տարածք ունեցող այս հիւանդանոցը տարածաշրջանին մէջ իւրայատուկ է իր ճարտարապետական եւ շինարարական կառոյցներով, ինչպէս նաեւ գերժամանակակից կահաւորումով ու սարքաւորումներով: Հիւանդանոցը ունի նաեւ ստորգետնեայ հատուած:
Մինչեւ Ստեփանակերտի հիւանդանոցին հանդիսաւոր բացումը, մեծ թափով տեղի կ՛ունենան Վանաձորի մարզային նոր կառուցուելիք գերժամանակակից առողջապահական համալիրի շուրջ 3500 քմ. տարածքով ծննդատան շինարարական աշխատանքները, որոնք եւս ամբողջութեամբ կը ֆինանսաւորուին «Տաշիր» բարեգործական հիմնարկին կողմէ:
Հիմնարկը մեծ ծրագիրներ կ՛իրականացնէ նաեւ Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ: Կը նորոգուի Վեհարանի շէնքը, որ ունի աւելի քան 100 տարուան պատմութիւն եւ ժամանակին կառուցուած է հայ մեծ բարերար Ալեքսանդր Մանթաշեանցի միջոցներով: Միեւնոյն ժամանակ աւարտին կը մօտենան Մայր աթոռի հանդիսութիւններու սրահի կառուցման աշխատանքները:
Տաշիր քաղաքին մէջ, Կարապետեաններուն շնորհիւ պիտի կառուցուի նոր, ժամանակակից մանկապարտէզ՝ նախկին կիսաւեր մանկապարտէզին փոխարէն: Ծննդատան, վեհարանի, հանդիսութիւններու սրահի եւ մանկապարտէզի շինարարական աշխատանքներուն համար եւս Կարապետեանները տրամադրած են քանի մը տասնեակ միլիոն տոլար:
Նշենք, որ Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութեան եկեղեցւոյ օծման եւ եկեղեցական համալիրի կառուցման մէջ եւս նիւթական շատ մեծ ներդրումներ ունեցած է «Տաշիր գրուպ» ընկերութիւններու խումբի սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեանը: