ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նաւային փոխադրութեանց հարցերով նախագահական յանձնախումբի եւ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նաւարկումի ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամմետ Հուսնի Տաժմար Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17ին ողջունեց ընկերութեան դէմ հաստատուած Եւրոմիութեան միակողմանի պատժամիջոցները ապօրինի նկատող եւրոպական Ընդհանուր ատեանին վճիռը, որուն շնորհիւ այդ պատժամիջոցները ջնջուած են: Սոյն ատեանը Եւրոպայի երկրորդ գլխաւոր ատեանը կը նկատուի: «Եւրոպական Միութեան կողմէ միակողմանի եւ անարդարանալի կերպով նաւարկումի ընկերութեան դէմ հաստատուած պատժամիջոցէն ետք, հարցը իրաւական հետապնդումի ենթարկուեցաւ, եւ կրցանք այս ապօրինի որոշումը ջնջել», ըսաւ ան: Տաժմար նաեւ նշեց, որ ամիսներու հետապնդումներէ ետք, եւրոպական դատարանը այդ արգելքին ջնջումը յայտարարած է: «Այս մեծ յաջողութիւնը իրանեան նաւարկումի ընկերութեան իրաւացիութիւնը եւ անոր ուղղուած ամբաստանութեանց դատարկութիւնը փաստեց», աւելցուց ան:
Նշենք, որ Եւրոպական ատեանը անբաւարար նկատած էր նման պատժամիջոցներ որդեգրելու համար Եւրոմիութեան ներկայացուցած պատրուակները:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, թէ Թեհրան «5+1» պետութեանց հետ յառաջիկայ բանակցութեանց ընթացքին համաձայնութիւն յայտնած է իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացումը դադրեցնելու հարցը քննելու գաղափարին: «Վեցեակը պէտք է այս համաձայնութեան ընդառաջէ», ըսաւ Լաւրով:
Լաւրով գնահատեց հիւլէական թղթածրարին մէջ ամբողջական թափանցիկութիւն երաշխաւորելու իրանեան նոր ղեկավարութեան կեցուածքը եւ ըսաւ, որ արեւմտեան եւ այլ պետութեանց կողմէ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն հակասող միակողմանի պատժամիջոցներ պէտք է ջնջուին՝ քաջալերելու համար նոր ղեկավարութիւնը:
Միւս կողմէ, գերմանական «Տեր Շփիկըլ» թերթը հաղորդեց, թէ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պատրաստ է Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու մեղմացման փոխարէն՝ «Ֆորտու» հիւլէակայանին մէջ իւրանիոմի հարստացման աշխատանքը դադրեցնելու, եւ նշեց, թէ Ռուհանի մտադիր է այդ կայանին հնոցները միջազգային հսկողութեան տակ դնել, պայմանաւ, որ Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը Իրանին արտօնեն քարիւղ արտածել եւ վերցնեն իրանեան կեդրոնական դրամատան դէմ հաստատուած պատժամիջոցները:
Ըստ թերթին՝ Ռուհանի կրնայ այս առաջարկը ներկայացնել այս ամսուան վերջաւորութեան ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանելիք խօսքին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.