
«Փիքնիք»ը սովորական պտոյտ մը չէ. անիկա պէտք է ճշդուած ժամանակէն առաջ ծրագրուի, որպէսզի յաջող եւ հաճելի անցնի: Ահաւասիկ ի՛նչ կը թելադրեն փորձառուները.
1- Առաջին հերթին պէտք է առնուազն շաբաթ մը առաջ տեղեակ պահել մասնակիցները, ապա՝ ճշդել վայրը եւ ի հարկին բաժնուիլ գործերը:
2- Ամառնային «փիքնիք»ները կրնան մեզի անհաճոյ կացութիւններու առջեւ դնել՝ արեւահարութիւն, ուտելիքներու թունաւորում…
Ահա՛ թէ ինչու պէտք է ընտրել ծառապատ վայր մը, կամ ունենալ կտաւէ ծածկ մը կամ խոշոր հովանոց մը: Իսկ ուտելիքներու պարագային՝ յատուկ սառնարան:
3- Ժամանակ առաջ ցանկագրել անհրաժեշտ պիտոյքները՝ պնակեղէն, թաշկինակ, ծածկոց, դեղորայք…: Կազմակերպուած փիքնիք մը անպայման կը յաջողի:
4- Նախատեսել խոշոր սաւան մը կամ կարպետ մը՝ հանգիստ տեղաւորուելու համար: Իսկ եթէ տարեցներ կան խումբին մէջ, նախատեսել ծալուող աթոռակներ:
5- Ուտելիքները թող ըլլան սերտուած՝ մսեղէն, բանջարեղէն, պտուղ, պտուղի հիւթ, այլ խմիչքներ եւ անշուշտ՝ ջուր:
Խիստ թելադրելի է, որ թացանով ուտելիքներ զանց առնուին, քանի որ թացանները ենթակայ են շուտ աւրուելու՝ տաքէն:
6- Թելադրելի է, որ ուտելիքները փոխադրուին սառնարան-պայուսակներով: Այսպիսով, մսեղէնները կը մնան ապահով, իսկ բանջարեղէններն ու պտուղները կը պահեն իրենց առողջ եւ ախորժաբեր տեսքն ու համը:
7- Երեխաներուն համար նախատեսել խաղեր, զբաղումներ: Օրուան մը համար թող հրաժարին իրենց ելեկտրոնային խաղերէն, բջիջայիններէն ու «այփետ»երէն, եւ թող խաղան ռաքեթով, չուանով, գնդակով կամ հեծանիւով:
8- Արեւէն պաշտպանուելու համար խիստ յանձնարարելի է առատ ջուր խմել, գլխարկ եւ ակնոց կրել եւ մորթը պաշտպանել՝ յատուկ իւղ օգտագործելով:
9- Նայած փիքնիքի վայրին, թելադրելի է ունենալ միջատասպան սփռիչներ, բայց մանաւանդ՝ խայթուածքի դեղեր:
10- Փիքնիքի յաջողութեան նախապայմաններէն մէկը մաքրութիւնն է: Ուտելիքները պատրաստելու ընթացքին պէտք է կրել մաքուր ձեռնոցներ, յաճախ օճառուիլ կամ մաքրուիլ թաց, հականեխուած թաշկինակներով: Թելադրելի է նաեւ աղբի խոշոր տոպրակներու մէջ լեցնել աղբերը՝ ճանճերէն պաշտպանուելու, բայց նաեւ բնութիւնը մաքուր պահելու համար:
——————————————————-
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆԸ
Հայրենածաղիկը
Ասում են, մի հայ աղջիկ, գաղթելիս,
Հայաստանից մի ծաղիկ է տարել.
Ջրել արցունքով՝ ամէն լացելիս
Եւ վերադարձի յոյսով փայփայել.
Ամէն մի ծաղիկ, մայր հողում ծլած,
Ձգտում է դէպի երկինք ու արեւ.
Իսկ նա, ուր լինէր, գլուխը ծռած՝
Նայել է դէպի երկիրն իր քարէ.
Եւ ուղղել է իր գլուխը տրտում,
Միայն հայրենի հողում քարքարոտ…
… Այդ ծաղիկը կա՛յ ամէնքի սրտում
Եւ կոչւում է նա… հայրենի կարօտ:
ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ