ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Նախագահ Բակօ Սահակեան 10 Սեպտեմբերին գլխաւորած է ընդլայնուած խորհրդակցութիւն՝ հանրապետութեան գործադիր, օրէնսդիր եւ դատական մարմիններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են հանրապետութեան ներքին կեանքին եւ ընկերային-տնտեսական զարգացման վերաբերող կարգ մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ նման ձեւաչափով քննարկումներու կայացումը՝ երկրի կարեւոր հարցերուն շուրջ, առիթ կու տայ աւելի արդիւնաւէտ ու համապարփակ ձեւով դիտարկելու առկայ խնդիրները եւ անոնց լուծման տարբերակները:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.