ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքերուն վրայ 28 Օգոստոսին հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէն վիրաւորուած է զինուորական ծառայող, 1994ի ծնունդ Արշակ Լազրի Մկրտչեանը:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ զինուորին վիճակը կայուն է: Դէպքին առնչուող մանրամասնութիւններ պարզելու նպատակով տեղի կ՛ունենայ հետաքննութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.