ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարի Չորեքշաբթի, Օգոստոս 28ին պահանջեց ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունէն, որ Սուրիա գտնուող ՄԱԿի քննիչներուն հրահանգէ հետախուզութիւններ կատարել Օգոստոս 22ին, 24ին ու 25ին, Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ սուրիական բանակին վրայ տեղի ունեցած քիմիական զէնքերով յարձակումներուն շուրջ: Ան այս պահանջը ներկայացուց նոյն օրը տեղի ունեցած ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներու՝ Սուրիոյ շուրջ արտակարգ ժողովէն ետք, որուն աւարտին կողմերը յայտարարութիւն մը չկատարեցին:
Նախապէս, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ «նախքան միջազգային հետաքննիչներու զեկուցումը՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի ենթադրեալ օգտագործման պատասխանին մասին խօսելու համար տակաւին շատ կանուխ է», սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն եւ մասնաւորաբար Ռուսիոյ կոչ ըրած էր Սուրիոյ հարցով Բրիտանիոյ ներկայացուցած բանաձեւին զօրակցելու:
Արդարեւ, Բրիտանիա ներկայացուցած է բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ «սուրիական վարչակարգին կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործումը», եւ քաղաքայինները պաշտպանելու նպատակով՝ «հարկաւոր միջոցառումներ» որդեգրելու լիազօրութիւն կու տայ:
Մինչ շշուկներ կը տարածուէին, թէ Սուրիոյ վրայ յարձակումը քանի մը օրէն կամ մինչեւ իսկ Հինգշաբթի օր կրնայ տեղի ունենալ՝ ՄԱԿի հետաքննիչները Չորեքշաբթի օր երկրորդ անգամ ըլլալով այցելեցին Դամասկոսի մօտակայքը գտնուող քիմիական զէնքի ենթադրեալ յարձակումին վայրը՝ իրենց քննութիւնները շարունակելով:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ յայտնեց, որ Արեւելեան Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի օգտագործման յաջորդ օրն իսկ եւ 2.5 տարուան խզումէ ետք, հեռաձայնային «բարեկամական» զրոյց մը ունեցած է Ամերիկայի իր պաշտօնակից Քերիի հետ, որուն փոխանցած է, թէ «ճշմարտութեան բացայայտումը մեր ազգային շահերէն կը բխի»: Ան Արեւմուտքը զգուշացուցած է ըսելով, որ եթէ կ՛ուզեն Սուրիոյ դէմ յարձակում գործել, ապա քիմիական զէնքի օգտագործման պատրուակը «անհամ ու անճիշդ է», եւ աւելցուցած է, թէ «Սուրիան դիւրին պատառ մը չէ եւ ինքնապաշտպանութեան միջոցներով ուրիշները անակնկալի պիտի մատնէ». ան նաեւ աւելցուցած է. «Համոզուած չեմ, որ հարուածը տեղի պիտի ունենայ»:
Անդրադառնալով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի այն յայտարարութեան, թէ՝ արեւմտեան զինուորական միջամտութեան մը պարագային Ռուսիա պատերազմին պիտի չմիանայ, ապա Մուալլեմ ըսած է, որ «Ռուսիա Սուրիան չլքեց, եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր կեցուածքներուն համար»:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի այն կեցուածքին, թէ՝ Թուրքիա պիտի մասնակցի Սուրիոյ դէմ զինուորական դաշինքին, Մուալլեմ նշած է, որ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցածին պատճառով թրքական հաւասարակշռութեան կորուստը առաւել եւս պիտի խախտի Սուրիոյ հարցով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով իր կարգին ըսած է, որ Մոսկուա Սուրիոյ դէմ զինուորական հարուածի մը աղէտալի հետեւանքներէն զգուշացուցած է Արեւմտուտքը, եւ Ուաշինկթընին կոչ ըրած է միջազգային օրէնքները յարգելու:
Զինուորական գետնի վրայ, իսրայէլեան Ձայնասփիւռի պետական կայանը հաղորդեց, որ բանակը սահմանափակ թիւով պահեստի զինուորներ զօրակոչի ենթարկած է եւ ինքնապաշտպանութեան հրթիռները պատրաստ վիճակի մէջ դրած է:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Չաք Հէյկըլ յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակը պատրաստ է անմիջապէս գործի լծուելու, եթէ Սուրիան հարուածելու հրահանգ տրուի:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10րդ կայանը հաղորդեց, որ Սուրիան հարուածելու որոշումը պիտի տրուի յառաջիկայ քանի մը օրերուն, իսկ հարուածը «խորհրդանշական» պիտի ըլլայ եւ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան վրայ պիտի չազդէ, որովհետեւ վարչակարգը տապալելու նպատակ գոյութիւն չունի: «Յարձակումը պիտի ըլլայ պատգամ մը եւ ոչ աւելին», նշեց կայանի լրագրողը, ըստ որուն՝ յարձակումը պիտի գործուի շրջանային ջուրերու եւ օդային տարածքներու դուրսէն՝ հեռահաս հրթիռներով:
Լիբանանեան «Հըզպալլա» կուսակցութեան ղեկավար աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» թերթին յայտնած են, որ կուսակցութիւնը ձեռնածալ չի կրնար մնալ, եթէ Սուրիոյ դէմ արեւմտեան հարուածը ռազմական հաւասարակշռութիւնը շրջելու նպատակը կը հետապնդէ:
Նշենք, որ Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմրըն խորհրդարանը հրաւիրեց Հինգշաբթի օր արտակարգ նիստի մը՝ քննարկելու համար Սուրիոյ հարցը: Ֆրանսա նման նիստ մը պիտի գումարէ Սեպտեմբեր 4ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.