ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Այս տարուան առաջին 7 ամիսներուն ընթացքաին, Հայաստանի սահմանը հսկող Ռուսիոյ սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները աւելի քան 60 սահմանախախտ ձերբակալած են: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Սերգէյ Գրեչինը:
Աղբիւրին համաձայն, նշեալ ժամանակաշրջանին ձերբակալուած է սահմանային դրութիւնը խախտած աւելի քան 25 անձ: Պետական սահմանի անցակէտերով այդ ընթացքին անցած է 990 հազար հոգի եւ աւելի քան 35 հազար փոխադրամիջոց:
Սահմանապահ վերահսկողութեան ընթացքին բացայայտուած է ի զօրու չեղող փաստաթուղթերով սահմանը հատելու 770 փորձ, որոնցմէ 22ին արտօնութիւն չէ տրուած սահմանը անցնիլ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.