
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Անսահման իշխանութիւնը ընդունակ է խաթարելու մտքերը անոնց, որոնք ունին զայն»։
William Pitt the Elder
«Բացարձակ իշխանութիւնը կը խաթարէ լաւագոյն բնաւորութիւնները»։
Lamartine
«Իշխանութիւնը հակամէտ է խաթարման եւ բացարձակ իշխանութիւնը կը խաթարէ բացարձակօրէն։ Մեծ մարդիկը գրեթէ միշտ վատ մարդիկ են»։
Lord Acton
Ընդհանրացումները, սահմանումով իսկ, իրենց մէջ կը կրեն սաղմերը ամէն ինչ նոյն ջուրով լուալու եւ զատորոշիչ առանձնայատկութիւնները անտեսելու փորձութեան։
Յատկապէս բացարձակ ընդհանրացումները յղի են հասարակութեանց թէ անհատներու կեանքի ու զարգացման բարդ հոլովոյթը պարզացնող, նոյնիսկ պարզունակ արժեւորման ենթարկող ընկալումի սահմանափակումներով։
Բացառութիւն չեն կազմեր, այդ առումով, իշխանութեան եւ մանաւանդ բացարձակ իշխանութեան հետ եկող Չարիքին դէմ արձակուած վերոբերեալ ահազանգները եւ անոնց հիմք ծառայող ընդհանրացումները, որքան ալ հեղինակաւոր դէմքերու կողմէ հաստատուած եւ հնչեղութեամբ օժտուած ըլլան անոնք։
Ինչպէս որ չարն ու բարին, լաւն ու վատը, կամ արդարն ու անարդարը միատեղ կը գործեն մարդկային բնութեան մէջ, այդպէս ալ իշխանութեան ու ղեկավարութեան պարագային կարելի չէ մտահան ընել, որ սոսկ հասարակական գործառոյթներու ու կառավարման մեքենականութեան մասին չէ խօսքը, այլ սերտօրէն կ՛առընչուի մարդկային՝ անհատականութեանց գործօնի որոշիչ դերակատարութեան։
Մարդկային քաղաքակրթութեան կարեւորագոյն նուաճումներու շարքին կը պատկանին իշխանութեան եւ ղեկավարութեան իբրեւ հաստատութեան եւ մեքենականութեան – հասարակական կազմաւորումն ու գործառութային կատարելագործումը։ Իշխանութիւն-ղեկավարութիւնը ինքնին մերժելու կամ ամբողջապէս եւ անվերապահօրէն ընդունելու հարց գոյութիւն չունի։ Բայց անպայման գոյութիւն ունի իշխանութիւն-ղեկավարութիւնը իր կոչումին բարձրութեան վրայ պահելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութիւն։
Յատկապէս Հայաստանի օրինակով եւ հայ ժողովուրդին կենսափորձով երկար դարեր օտարի տիրապետութեան տակ ապրած հայրենիքներու եւ ազգերու պարագային, սեփական մարմինէն ու արիւնէն կեանք առած՝ ազգընտի՜ր իշխանութիւն-ղեկավարութիւնը սերունդներու երազին մարմնաւորումն է եւ արժանի՝ ամենայն վստահութեան, պաշտպանութեան ու գուրգուրանքի։
Իբրեւ այդպիսին, իբրեւ իրականացած սերունդներու երազ եւ ազգային ինքնահաստատման անփոխարինելի կռուան, հայ քաղաքական միտքը իրաւամբ մատնուած է անձկութեան՝ ի տես հեղինակութեանց անկումի եւ ղեկավարութեանց տագնապի այն մեծ ցաւին, որուն մէջ կը գալարուին Ազգն ու Հայրենիքը, հասարակութեամբ եւ պետութեամբ, հոգեւորական եւ քաղաքական կազմակերպութիւններով հանդերձ։
Ցաւը մեծ է եւ խոր է անձկութիւնը, որովհետեւ ամբողջ մարմնով եւ ոչ թէ միայն գլուխէն կը հոտի ձուկը…
Ի վերջոյ ամէն հասարակութիւն եւ ամէն ժողովուրդ արժանի է իր իշխանութեան ու ղեկավարութեան։
Բայց ցաւն ու անձկութիւնը ամէնէն իրա՛ւ օրօրոցն են վերանորոգման ու աւելի պայծառ գալիքի նուաճման պայքարին՝ հաւաքական ինքնահաստատման մեր երթը ձերբազատելու համար ներքին ջլատում առաջացնող ամէն կարգի արատներէ եւ ցեցերէ։
Այդ առումով մեր դիմագրաւած առաջնահերթ մարտահրաւէրը յաղթահարումն է իշխանութեան կեդրոնացումի մեծ Չարիքին, որուն աղբիւրը նահանջն է հայու ազգային հոգեխառնութենէն եւ աշխարհասփիւռ գոյավիճակէն ծնունդ առած, սերունդներու անձնազոհութեամբ նուաճուած ապակեդրոնացումին։
Միայն Դաշնակցութեան չի պատկանիր, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին ազգային հարստութեան կենարար աղբիւրը եւ հաւաքական ուժին անփոխարինելի երաշխիքը կը հանդիսանայ բարոյական բաւարարութեան եւ պարտաւորութեան կատարման վրայ խարսխուած ապակեդրոնացման Աւանդը։
Պատմական ճշմարտութիւն է եւ, որոշապէս, հայ ազգային-ազատագրական շարժումը մասնատուած Հայաստանի աշխարահաքաղաքական պայմաններուն պատշաճեցնելու, բաժան-բաժան եղած մեր ժողովուրդի հոգեխառնութեան համահունչ կազմակերպելու, այլեւ լիարժէ՛ք արդիւնաւորելու եւ կուռ կազմակերպութեամբ օժտելու հրամայականէն ներշնչուեցաւ ապակեդրոնացումը։
Ինչպէս որ ՀՅԴ անդրանիկ Ծրագիրը, աւելի քան 120 տարի առաջ, իր «ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ» գլխուն տակ կը բանաձեւէր՝
«Դաշնակցութիւն»ն անցեալի փորձից համոզուեց, որ յեղափոխական գործում չի կարող լինել իրաւունքի եւ պահանջի խնդիր, այլ միմիայն բարոյական պարտաւորութեան եւ բաւարարութեան խնդիր։ Ահա այս հիման վրայ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովն ընդունեց կազմակերպութեան մէջ մտցնել ԱՊԱԿԵՆՏՐՈՆԱՑՄԱՆ սկզբունքը, որն աւելի է համապատասխանում ընկերական, բարոյական յեղափոխական գործին եւ որն անցեալում կիսով չափ գործադրուել էր։ Այս սկզբունքով գործող կոմիտէներին կապում, միացնում է Ընդհանուր Ժողովը»։
Ինչպէս Դաշնակցութիւնն ու Հայկական Յեղափոխութիւնը, այնպէս ալ հայ ժողովուրդն ու Հայաստանի ազգային-պետական վերականգնման պայքարը ամբողջ «դարաշրջաններ» կտրող ճանապարհ մը կտրեցին վերջին մէկուկէս դարու ընթացքին։ Ընկրկումներու եւ թռիչքներու, պարտութեանց եւ յաղթանակներու, անկումի եւ վերականգնումի դարակազմիկ հանգրուաններ ազգովին բոլորեցինք արեան ու ազատութեան այդ երկար ճանապարհին, որուն ամբողջ տեւողութեան մեր ուղին լուսաւորող փարոսը եղաւ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄը։
Թէ՛ իբրեւ քաղաքական կուսակցութիւն, թէ՛ իբրեւ աշխարհասփիւռ կազմակերպ հայութիւն եւ թէ իբրեւ ու մանաւանդ – Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի խորհրդային լուծի տակ ինկած Հանրապետութիւն՝ ազգովին մեր պարտութիւնները ունեցանք, երբ ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄէն նահանջ արձանագրեցինք, կեդրոնաձիգ իշխանութեան ու յանձնապաստան ղեկավարութեան Չարիքին անձնատուր ըլլալու պարագային։
Նոյնպէս եւ ապրեցանք ազգային յաղթարշաւի հպարտառիթ մեր Պահերը, երբ հայ ժողովուրդին ցիրուցան ուժերը ի մի բերող, բարոյական պարտաւորութեան եւ բաւարարութեան հիման վրայ հաւաքական ուժ դարբնող ԱՊԱԿԵԴՐՈՆԱՑՈՒՄին փարեցանք։
Երբ Հայաստանի անվտանգ պահպանման եւ լիարժէք զարգացման, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ հայութեան ինքնակազմակերպման, հայապահպանման եւ Հայ Դատի պայքարի վերաշխուժացման բոլոր ճակատներուն վրայ, ունեցա՛նք իրաւունքի եւ պահանջի ամէն փորձութիւն յաղթահարելու վճռականութեամբ ոգեւորուած սերունդներ՝ խոնարհ հերոսներով եւ անձնազոհ ղեկավարութեամբ հանդերձ։
Արցախի իրողական ազատագրումէն, Հայաստանի իրաւական վերանկախացումէն եւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղաասպանութեան միջազգային ճանաչումէն ետք, ոչ մէկ արդարացում ունի այսօրուան մեր նահանջը Ապակեդրոնացման ուղիէն։
Մեր հաւաքական ներկան ջլատման մատնող իշխանութեան կեդրոնացումի բոլոր փորձութեանց դէմ անհաշտ պայքարը, բարոյական պարտաւորութեանց եւ բաւարարութեան վրայ խարսխուած ապակեդրոնացման աւանդը միակ երաշխիքն է ազգային ինքնահաստատման շարունակուող մեր երթին, նոյնինքն իրա՛ւ Յեղափոխութեան նորովի յաղթարշաւին։