ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը վարած օրերուն (2008ի Օգոստոսին) Հարաւային Օսեթիոյ պատերազմին միջամտելու որոշումը ճիշդ էր: Պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին, ան ըսաւ, որ «Հարաւային Օսեթիան ու Աբխազիան ճանչնալու Ռուսիոյ որոշումը դիւրին չէր»՝ միաժամանակ վստահեցնելով, որ «Ռուսիա ստիպուեցաւ այդ որոշումը որդեգրելու»:
Ռուսիոյ վարչապետը Վրաստանին կոչ ուղղեց «քաջութիւն ցուցաբերելու եւ Հարաւային Օսեթիոյ հետ բանակցութեան սեղան նստելու, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել պատերազմէն ետք կուտակուած հարցերը, ներառեալ՝ գաղթականներու եւ բռնի ուժ չօգտագործելու հարցերը»:
Միւս կողմէ, Վրաստանի վարչապետի Ռուսիոյ հետ հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Զուրապ Ապաշիծէ այս մասին յայտնած է. «2008ին մենք յարձակումի զոհ դարձած ենք, սակայն, դժբախտաբար, այդ օրերուն նաեւ մեր կողմէ ոչ ճիշդ քայլեր կատարուած են»: Ըստ անոր՝ պատերազմին ամէնէն ծանր հետեւանքը եղաւ այն, որ Ռուսիա ճանչցաւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ անկախութիւնը, իսկ ատոր սրբագրումը մեծ ջանք եւ երկար ժամանակ պիտի պահանջէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.