
ԷՆՍԻՆՕ.- Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, ՀՕՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղի հիմնադրութեան 55 տարեդարձին նուիրուած ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 14ին, երեկոյեան ժամը 6ին սկսելիք հիւրասիրութեամբ: Ընթրիքը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7ին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահյեան երկրորդական վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ (5300 White Oak Ave., Encino, CA, 91316):
Տոմսերու սակը 55 տոլար է, իսկ մոմավառութեան մասնակցելու սակը՝ 100 տոլար: Կը խնդրուի տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 891-3446 կամ (818) 325-9298 թիւերուն: