«Երկիր Մեդիա», «Ազդակ».- Հրապարակուած են անունները Դամասկոսի արուարձան Ժարամանայի մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած ականի պայթումին հետեւանքով սպանուած անձերուն, որոնց մէջ է ազգութեամբ հայ Սարգիս Մերեսճեան:
1966ին ծնած Սարգիս Մերեսճեան եւս գտ-նուած է այրած հանրակառքին մէջ եւ մահացած է դէպքին վայրը:
Երեքշաբթի երեկոյեան Ժարամանայի Սիուֆ հրապարակին վրայ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին հետեւանքով քանի մը քաղաքացիներ սպաննուեցան:
Սարգիս Մերեսճեանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Միւս կողմէ, «Ազդակ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ 22 օրերէ ի վեր Արսալի մէջ առեւանգուած Զահլէ բնակող Գրիգոր Ֆոսեան Երեքշաբթի, 6 Օգոստոսի երեկոյեան ազատ արձակուեցաւ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.