
Երկուշաբթի, Oգոստոս 5ի երեկոյեան, Հայ ակումբի սրահին մէջ Թեհրանի հայոց թեմի ազգային իշխանութեան նախաձեռնութեամբ, կայացաւ ընթրիք-երեկոյ, որուն հրաւիրուած էին ազգային առաջնորդարանի աշխատանքներուն առնչակից պետական մարմիններ եւ պատասխանատու անհատներ:
Իսլամական խորհրդարանի հիւսիսային եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւորներ՝ դոկտ. Կարէն Խանլարեանի եւ Ռոբերտ Բէգլարեանի մասնակցութեամբ եւ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ ընթրիք-երեկոյին ներկայ էին Մակար վրդ. Աշգարեանը, քահանայ հայրեր, իսլամ հոգեւորականներ, իսլամական մշակոյթի եւ առաջնորդութեան նախարարութեան Կրօնական փոքրամասնութեան գրասենեակի պատասխանատու Սաիդ Թաղաւին, Իսլ. խորհրդարանի պատգամաւորներ, ներքին գործոց, իսլ. մշակոյթի ու առաջնորդութեան, ուսումնադաստիարակչութեան նախարարութիւններու եւ Իսլ. մշակոյթի ու կապի կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, Թեհրանի տարբեր շրջաններու քաղաքապետներ, ԹՀԹ Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական ու Կրթական խորհուրդներու, «Ալիք» օրաթերթի եւ ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հայկական դպրոցներու տնօրէններ եւ փոխտնօրէններ:
Ընթրիքի ընթացքին օրուան առթիւ Թեմական խորհուրդի խօսքը ընթերցեց նոյն խորհրդի անդամ Ռուբէն Շահվերդեանը: Խօսքին մէջ կը բացատրուէր միջոցառման նպատակը:
Այնուհետեւ իր արտայայտութիւնները ունեցաւ սրբազան հայրը, որուն խօսքը պարսկերէնի կը թարգմանէր Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեանը: Առաջնորդը ողջունելով պետական հիւրերու ներկայութիւնը՝ շեշտեց միաստուածեան կրօնքներու միասնական պայքարի անհրաժեշտութիւնը՝ մերօրեայ մարտահրաւէրներ դարձած հոգեւոր արժէքներէ հեռացման եւ բարոյական անկման դէմ: Ան երկիրի նորընտիր նախագահի պաշտօնավարման սկսման անդրադառնալով՝ անոր մաղթեց բարւոք գործունէութիւն, իսկ երկիրին՝ յարաճուն վերելք:
Հիւրերէն խօսք առին՝ Իսլ. խորհրդարանի պատգամաւոր հոջ. Մուսաուի Ասլը եւ Կրօնքներու երկխօսութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Հելմին, որոնք ուրախութիւն յայտնեցին քրիստոնեայ հայրենակիցներու հետ միասնաբար մէկ յարկի ներքոյ գտնուելնուն համար: Անոնք հաստատելով սրբազանի իմաստալից խօսքերը, շնորհակալութիւն յայտնեցին հիւրընկալութեան համար: