
ԹԱՍԹԻՆ.- Քալիֆորնիոյ Թասթին քաղաքին մէջ գործող հրէական «Պնէյ Իսրայէլ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ պիտի կայանայ Հայկական եւ Հրէական Ցեղասպանութեանց նմանութեանց եւ տարբերութեանց մասին զրոյց մը, որուն հրաւիրուած է ցեղասպանագէտ ու պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Օգոստոս 18ին, երեկոյեան ժամը 6ին սկսող ընթրիքով, իսկ զրոյցը պիտի սկսի ժամը 7:15ին:
Փրոֆ. Յովհաննէսեանի հետ զրոյցը պիտի վարէ րաբբի Իլայ Սփիցը: Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան այս տարուան ընթացքին նման զրոյցի մը մասնակցած էր նաեւ փրոֆ. Իլայ Ուիզըլի հետ, «Չեփմըն» համալսարանին մէջ:
Օգոստոս 18ի ձեռնարկին ընթրիքը կը հովաբաւորէ «Զով՛զ Պիսթրօ»ի Զով Քարամարտեանը:
Եթէ տեղերը ապահովուին Օգոստոս 5էն առաջ, ապա մասնակցութեան սակը 15 տոլար է (ներառեալ ընթրիքը), իսկ 13 տարիքը չբոլորած երեխաներուն համար՝ 10 տոլար: Սակը 5 տոլար է անոնց համար, որոնք միայն զրոյցին ներկայ պիտի ըլլան: Օգոստոս 5էն ետք, նշեալ սակերը հինգական տոլարով կը բարձրանան:
«Պնէյ Իսրայէլ»ի հասցէն է՝ 2111 Bryan Avenue, Tustin, CA, 92782
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (714) 730-9693 թիւին կամ cbi18@cbi18.org հասցէին: