
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Յովհաննէս Մարգարեանի իրաւաբանական գրասենեակին հաստատած Մարգարեան կրթանպաստներու յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ 2013ի կրթանպաստները ստացող հինգ ուսանողներուն անունները որոշուած են արդէն եւ կրթանպաստները յանձնելու նպատակով յատուկ հաւաքոյթ մը պիտի կազմակերպուի. հաւաքոյթը նաեւ առիթ մը պիտի ըլլայ իրաւաբանական ճիւղի նշեալ ուսանողներուն, որ ծանօթանան իրաւաբանական մարզի ներկայացուցիչներու հետ:
Մարգարեան կրթանպաստներու յանձնախումբի անդամներ Արմէն եւ Յովհաննէս Մարգարեանները կը յայտնեն, թէ դժուար եղած է լաւագոյն հինգը ընտրելը՝ իրենց ներկայացուած աւելի քան հարիւր ուսանողներու դիմումներուն մէջէն, նկատի ունենալով, որ անոնցմէ շատերը տպաւորիչ արդիւնքներ ապահոված են իրենց դասընթացքներուն եւ կամաւոր գործունէութեան ընթացքին՝ փաստելով, թէ լրջութեամբ նուիրուած են հայկական ինքնութիւնը պահպանելու գործին:
2013ի «Մարգարեան» կրթանպաստ պիտի ստանան Արա Եղիկեան (Երեւան), Հայկ Մամաջանեան (Երեւան), Օֆելիա Թեւոսեան (Լոս Անճելըս), Էմմա Տիշոյեան (Լոս Անճելըս) եւ Ռաֆֆիկ Մուղնեցեան (Լոս Անճելըս): Անոնք հազարական տոլարի կրթանպաստ պիտի ստանան:
Կրթանպաստներու յանձնման արարողութիւնը պիտի կայանայ Երեքշաբթի, Օգոստոս 20ին, երեկոյեան ժամը 7:30էն սկսեալ, «Էլ.Էյ. Պենքուեց» ընկերութեան կողմէ այդ օրը ձրիաբար տրամադրուող «Լա Ֆոյէ» սրահին մէջ (6730 Laurel Canyon Blvd., North Hollywood, CA, 91606): Մուտքը ազատ է եւ տեղի պիտի հիւրասիրութիւն:
Անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ ըլլալ սոյն հաւաքին, կը խնդրուի որ տեղեր ապահովեն՝ այցելելով
http://margarianscholarship-efbevent.eventbrite.com կայքը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել hovanes@margarianlaw.com հասցէին: