ԵՐԵՒԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու», «Արմէնփրէս», «Նիուզ».– 23 Յուլիսին Երեւանի մէջ շարունակուած են տարբեր տեսակի շարժումները՝ 20 Յուլիսին փոխադրամիջոցներու սակը բարձրացնելու քաղաքային իշխանութիւններու որոշման դէմ բողոքող։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն տասնեակ գործիչներ հաւաքուած են քաղաքապետարանի շէնքին առջեւ՝ պահանջելով հանդիպում ունենալ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի հետ եւ բողոքելով վերջին օրերուն հասարակութեան լայն զանգուածներուն զայրոյթ պատճառած այս քայլին դէմ։
Երիտասարդ գործիչները վերջին օրերուն արդէն իսկ կը շրջագայէին Երեւանի փողոցներուն մէջ՝ կոչ ուղղելով ուղեւորներուն 100 դրամ (մօտ 25 սենթ) վճարել մեծ ու փոքր հանրակառքերու ուղեվարձի համար՝ քաղաքապետարանին սահմանած նոր՝ 150 դրամի փոխարէն: Մինչ որոշ վարորդներ, որոնք այժմ երթուղիներու սեփականատէրերուն պէտք է աւելի բարձր օրական վճարեն, կը վիճէին գործիչներուն հետ, ուրիշներ կը սատարէին շարժումի մասնակիցներուն: 150 դրամ չվճարելու քայլերու կը դիմեն նաեւ պարզ քաղաքացիներ՝ իրենք եւս միանալով մերժումի ալիքին։
Ընդդիմադիր հիմնական կուսակցութիւնները սատարած են շարժումին՝ նոյնպէս քննադատելով իշխող Հանրապետական կուսակցութեան փոխադրամիջոցներու սակերը անհիմն կերպով բարձրացուելուն համար: Իսկ կարգ մը նշանաւոր դերասաններ եւ երգիչներ՝ Հայկ Մարութեանը, Հայկոն, իրենց անձնական ինքնաշարժներով անվճարօրէն տեղափոխած են քաղաքացիները:
Միւս կողմէ պետական պաշտօնեաները կը պնդեն, թէ ուղեվարձի բարձրացումը անհրաժեշտ քայլ է՝ հետագայ բարեփոխումները կատարելու անհրաժեշտութեամբ:
Մինչ այդ ոստիկանութիւնը բերման ենթարկած է քաղաքապետարանին առջեւ բողոքող 4-8 գործիչներ: Անկէ ետք տասնեակ գործիչներ ուղղուած են ոստիկանութեան բաժին՝ պահանջելով ազատ արձակել իրենց ընկերները:
Երեւանի ոստիկանապետ Աշոտ Կարապետեանը պարզաբանումներ տուած է բողոքի շարժման կարգ մը գործիչներ բերման ենթարկելու մասին։ Ան դուրս եկած է խօսելու ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնի շէնքին մօտակայքը հաւաքուած քաղաքացիներուն հետ, որոնք կը պահանջէին ազատ արձակել ցոյցի ընթացքին ոստիկանատուն տարուած 6 անձերը: «Երէկ տեղի է ունեցել միջադէպ, այսօր քրէական օրէնսգրքի 316 յօդուածով գործ է յարուցուել՝ ոստիկանութեան աշխատակցին դիմադրութեան ցոյց տալու եւ ոստիկանի օրինական գործողութիւններին խոչընդոտելու մեղադրանքով, որը կատարող անձինք անյայտ են: Միեւնոյն ժամանակ, զուգահեռաբար, տեղի է ունեցել այլ յանցագործութիւն՝ գոյքի դիտաւորեալ վնասելը, որով դեռեւս քրէական գործ յարուցուած չէ», յայտնած է ոստիկանապետը՝ աւելցնելով, որ այդ յանցանքը կատարողները եւս անյայտ են:
Ոստիկանապետը պարզաբանած է, որ վնասուած գոյքը ոստիկանական ինքնաշարժ է: Կարապետեանը նշած է, որ քննչական գործողութիւններ կը կատարուին:
Ոստիկանութեան կեդրոնական բաժինի լրագրողներուն հետ զրուցած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեանը, որ բացատրած է, թէ բաժին տարուած գործիչները որպէս վկաներ հարցաքննուած են: «Խոստացան, որ բոլորին էլ բաց կը թողնեն մօտ ժամերին: Որեւէ նպատակ չունեն ձերբակալելու կամ պահելու», յայտնած է ան։
Երեկոյեան ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ ազատ արձակած է 8 գործիչները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.