ԿԱՐԻՆ ՔԷՍԱՊԼԵԱՆ
«Ամենագեղեցիկ բանն աշխարհում մօր աչքերն են, թէկուզ միայն մայր ունենալու համար՝ արժէ աշխարհ գալ»:
Աւետիք Իսահակեան
Կազմակերպութեամբ Մաշտոց քոլեճի տիկնանց յանձնախումբին, Կիրակի, Յունիս 2ին, «Անուշ» ճաշասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու եւ հայրերու օրուան նուիրուած ճաշկերոյթ-տօնախմբութիւն:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Տիկնանց օժանդակ մարմինի ատենապետուհի Արփի Արփաճեանը, որ բարի գալուստի եւ ծնողական ջերմ շնորհաւորանքներով ողջունեց ներկաները եւ սեղմ խօսքերով արտայայտեց մայրութեան նուիրուած տօնին խորհուրդը՝ ըսելով. «Մայրը կը նմանի մոմի. կ՛այրի, կը ցաւի եւ կը հալի…»:
Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկաւ տոքթ. Տէր Եղիայեան, որ շեշտեց հայ մայրերու եւ հայրերու միացեալ ջանքերու յոյժ կարեւորութիւնը՝ իրենց զաւակներուն հայեցի եւ հոգեւոր դաստիարակութեան մէջ: Ան ներկաներուն հրաւիրեց հաստատ պահելու մեր դարաւոր աւանդութիւնները եւ զանոնք արմատացնելու մեր նոր սերունդի հոգիներուն, սիրտերուն եւ միտքերուն մէջ:
Երեկոն խանդավառեց Վանիկ Գրիգորեան, որուն «սաքսափող»ի երաժշտութեամբ եւ մասնակցութեամբ Վարդան եւ Սիրանոյշ Գէորգեաններու պարախումբին՝ գործադրուեցաւ գեղարուեստական իւրայատուկ յայտագիր մը. ապա ելոյթներ ունեցան նաեւ Ռ. Թելունց եւ իր սաները: 8 տարեկան Ալեքս Մելքումեանց դարձաւ օրուան յայտնութիւնը՝ իր բացառիկ ձայնով:
Գեղարուեստական յայտագիրին մաս կը կազմէր նաեւ Ստեփան Յովակիմեանը, որ իր զաւեշտի տաղանդներով խանդավառեց օրուան մթնոլորտը:
Այնուհետեւ, ելոյթ ունեցաւ տաղանդաշատ եւ հանրածանօթ ասմունքող տիկ. Սվետլանա Տօնապետեանը, որ հարազատ արտայայտութիւններով ասմունքեց Երուանդ Օտեանի բանաստեղծութիւններէն «Մայրութիւն» յուզիչ եւ խորիմաստ քերթուածը՝ արժանանալով ներկաներուն խանդավառ ծափահարութեանց եւ խոր գնահատանքին, իսկ օրուան պատգամը փոխանցեց Սարգիս Քէլէշեան:
Խանդավառ մթնոլորտի մէջ ներկաները բաժնուեցան սրահէն՝ խոստանալով թիկունք կանգնիլ Մաշտոց քոլեճին: