
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Լիչը եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆֆըրնը 26 Յունիսին այցելած են Ամուլսարի հանքավայր եւ շրջակայ գիւղերէն երկուքը՝ Գորայք եւ Գնդեվազ: Գէոթիմ ընկերութենէն յայտնած են, որ այցելութեան նպատակն էր ծանօթանալ ծրագիրի մանրամասնութիւններուն եւ Գէոթիմի կողմէ Համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան ծիրին մէջ իրականացուող համայնքներու տնտեսական եւ ընկերային զարգացման որոշ ծրագիրներու:
Դեսպան Քեթրին Լիչը այցելութեան աւարտին յայտնած է. «Նախորդ շաբաթ Մեծ ութեակի գագաթնաժողովին Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը ընդգծեց, որ կարեւոր է, որ երկիրները եւ ընկերութիւնները միասին աշխատին՝ արդիւնահանող ոլորտին մէջ համընդհանուր չափանիշներու հաստատման ուղղութեամբ: Իբրեւ Բրիտանիոյ մէջ տեղակայուած ընկերութիւն, «Լիտիան ինթըրնեշընըլ»ը կը ներկայացնէ բրիտանական կարողականութեան ամէնէն մեծ ներդրումային ծրագիրը Հայաստանի մէջ: Մեզի համար կարեւոր է այն, որ ծրագիրին կ՛աջակցին այնպիսի ներդրողներ, ինչպէս՝ Միջազգային ֆինանսական կազմակերպութիւնը եւ Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը, որոնք կը պահանջեն հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ բարձրագոյն միջազգային չափանիշները: Ասիկա կը ներառէ նաեւ շրջակայ համայնքներու տեղեկացուածութեան եւ համայնքներու համար ծրագիրէն դրական տնտեսական եւ ընկերային օգուտներու ապահովում»:
Դեսպան Ճոն Հեֆֆըրն նշած է. «Լիտիան ինթըրնեշընըլ»ի Ամուլսարի հանքավայրը կը ներկայացնէ Հայաստանի մէջ կարեւոր օտար ներդրումային ծրագիր: Քանի որ ընկերութեան բաժնետէրերէն շատեր ներդրողներ են Միացեալ Նահանգներէն, ես փափաքեցայ աւելի մօտէն ծանօթանալ անոր: Ծրագիրը Հայաստանի մէջ տնտեսական մեծ ազդեցութիւն ունենալու կարողականութիւն ունի, եւ մենք յոյս ունինք, որ հանքարդիւնաբերական ընկերութիւնը կարենայ գործել պատասխանատու կերպով՝ միջազգային լաւագոյն փորձառութեան համապատասխան»:
Գէոթիմ ընկերութիւնը հայկական երկրաբանական–հետախուզական կազմակերպութիւն է, որուն բաժնետոմսերուն 100 տոկոսը կը պատկանի «Լիտիան ինթըրնեշընըլ»ի: Գէոթիմի հիմնական ծրագիրը Ամուլսարի ոսկիի հանքավայրն է, որ տեղակայուած է Վայոց Ձորի եւ Սիւնիքի մարզերու վարչական սահմանին:
Լիտիանի ներդրողներու շարքին են նշանաւոր ներդրումային հաստատութիւններ, ինչպէս՝ Նիւ Եորքի մէջ տեղակայուած «Ամպըր Քեփիթըլ»ը, «Ֆըրսթ իկըլ ինվեսթմընթ մենէյճմընթ»ը, «Ֆր-ենքլին Թեմփլենթըն»ը եւ «Ինվեսքօ Թրիմարք Քանատա»ն, կան նաեւ միջազգային այլ կառոյցներ։ Բոլոր ներդրողները մնայուն կերպով կը հսկեն ու կը հետեւին աշխատանքներուն, որպէսզի անոնք պահպանեն միջազգային ընդունուած չափանիշները եւ ճշգրիտ աշխատանք տանին։