ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերի կողմից ձեռք բերուող զինտեխնիկան որակապէս գերազանցում է Ադրբեջանի կողմից գնուող տեխնիկային», այս մասին 7 Յունիսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանը: «Մենք մեր տրամադրութեան տակ ունենք բաւարար զինտեխնիկա՝ հակադարձելու հակառակորդի ցանկացած ոտնձգութեան: Բացի դրանից, Հայաստանի զինուած ուժերը համալրւում են նորագոյն սպառազինութիւններով եւ ռազմական տեխնիկայով, որոնք որակական յատկանիշերով գերազանցում են ադրբեջանական սպառազինութիւններին», յայտնած է ան։ Ան նշած է, որ հակառակորդին սպառազինումը կրնայ մտահոգիչ տարրեր ունենալ, սակայն այս հարցը արդէն լուսարձակի տակ է: Բաղդասարեան դիտել տուած է, որ հայ-ռուսական ռազմական գործակցութիւնն ու զէնքի մատակարարումը անխափան կերպով կը շարունակուին, եւ ապագային եւս պիտի շարունակուի Հայաստանի Զինուած ուժերու համալրումը նորագոյն սպառազինութիւններով ու սարքաւորումներով։
ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան նշած է, որ Հայաստանի ազգային պաշտպանական համակարգի ձեւաւորման ուղղութեամբ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ առնուող քայլերն ու այս գծով ՀԱՊԿի ջանքերը կը վկայեն, որ ներկայիս ստեղծուած եռաստիճան համակարգը՝ ազգային, հայ-ռուսական եւ ՀԱՊԿի վեց երկիրներու մակարդակներով, թոյլ կու տայ խօսիլ Հայաստանի անվտանգութեան բաւական բարձր աստիճանի մասին եւ վստահութեամբ նայիլ ապագային ու լծուիլ երկրի տնտեսական եւ ընկերային զարգացման։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.