
Թրքական ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի Տիքմեն թաղամասին մէջ ցուցարարներ ցրուեց՝ օգտագործելով արցունքաբեր կազ եւ ջրաշիթ մեքենաներ, ինչպէս նաեւ ձերբակալեց 16 անձեր՝ «Կեզի» հանրապարտէզի ցոյցերուն իրենց մեղսակցութեան համար։
Ոստիկանութիւնը Իզմիրի մէջ 13 անձեր ձերբակալեց «ահաբեկչական» կազմակերպութեան անդամակցութեան, ոստիկանութեան դէմ յարձակում գործելու եւ հասարակական կալուածներ քանդելու ամբաստանութեամբ։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ թրքական ժողովրդավարութիւնը գովաբանեց, սակայն յայտնեց, որ թուրքերը պէտք է աշխատանք տանին իրենց հիմնարար իրաւունքներն ու ազատութիւնները ամրապնդելու։
«Սի.Էն.Էն. թիւրք»ին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, որ թուրքերը պէտք է հպարտ ըլլան ժողովրդավարութեան առումով իրենց ունեցածով, եւ թէ Ուաշինկթըն կ՛աջակցի՝ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութեան առաւել ամրապնդման։
Ռիքարտոնէ կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներու ազատութիւնը պաշտպանելու՝ յայտնելով, որ ատիկա յաջող կերպով գործող ժողովրդավարութեան մը բանալին է։
«Ժողովրդավարութեանց մէջ տեսակէտները պէտք է ազատ կերպով արտայայտուին եւ ասիկա այդ համակարգերուն ողնասիւնը կը կազմէ», ըսաւ ան։ Դեսպանը դիտումնաւոր կերպով զգուշացաւ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն մասին ուղղակի խօսելէ եւ յայտնեց, որ ամէն մարդ պէտք է իրաւունք ունենայ իր մտածումները ազատ կերպով արտայայտելու, թէեւ երբեմն անոնք «անմիտ եւ արտառոց» առարկութիւններ կրնան ըլլալ։