ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Յունուար-Մայիս 2013ին Երեւանի «Զուա-րթնոց» միջազգային օդակայանի միջոցով փոխադրուած է 296,407 ճամբորդ՝ 2012 թուականի նոյն ժամանակահատուածի 313,598 ճամբորդի փոխարէն։ Այս տեղեկութիւնները փոխանցուած են Հայաստանի օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ:
Նշեալ ժամանակաշրջանին Հայաստան եկած է 252,020 անձ՝ 2012 թուականի 250,063ի փոխարէն, մեկնած է 296,407 մարդ՝ 2012 թուականի 313,598ի փոխարէն:
Այս ժամանակաշրջանին «Զուարթնոց»ի միջոցով տեղափոխուած է մօտ 4213 թոն բեռ՝ 2012ի 4129 թոնի փոխարէն:
Արտածուած է 2470 թոն բեռ՝ 2012ի 1888 թոնի փոխարէն եւ ներածուած է 1743 թոն՝ 2012ի 2241 թոնի փոխարէն:
Թռիչքներու ու վայրէջքներու ընդհանուր թիւը տուեալ ժամանակաշրջանին եղած է 3145. մինչ 2012ին 3908 էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.