
Կլենտէյլի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը Մայիս 31ին հրաւիրեց փաստաբան եւ հեղինակ Մեթիու Քարանեանը, անոր նոր գիրքի շնորհահանդէսի եւ սահիկներու ցուցադրութեան ձեռնարկին առիթով։
Քարանեան Փետրուար 2013ին հրատարակեց «Արմինիա էնտ Ղարաբաղ» գիրքի 3րդ տպագրութիւնը։ Սոյն գիրքը կ՛անդրադառնայ Հայաստանի տեսարժան վայրերուն, ինչպէս նաեւ մանրամասն տեղեկութիւններ կու տայ պանդոկներու, ճաշարաններու, երթեւեկութեան, կլիմայի եւ զբօսաշրջիկները հետաքրքրող բազմաթիւ այլ կէտերու մասին։ «Այս տարի 1 միլիոն զբօսաշրջիկ կը սպասուի Հայաստանի մէջ», ընդգծեց հեղինակը:
Ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի «Գրիգոր եւ Մարիամ Քարամանուկեան» կեդրոնին մէջ, ազգօգուտ եւ հետաքրքրաշարժ էր։ Ներկաներուն մաս կը կազմէին երիտասարդ սերունդի անդամներ, որոնք հարցեր ուղղեցին հեղինակին, Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան մասին։
Ներկաները կրցան ձեռք ձգել գիրքէն մակագրուած օրինակներ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի քարտէսը։ Մեթիու Քարանեան հայ ամերիկածին փաստաբան մըն է, որ ներկայիս կ՛ապրի Փասատինա։ Ան 4 տարի ապրած է Հայաստան, ուր դասաւանդած է փաստաբանական ճիւղի առարկաներ՝ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։
Սահիկներու աւարտին, հիւրասիրութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ ձեռնարկին սկիզբը, Արմէն Պապայեան իր հայկական նուագներով ստեղծեց գեղեցիկ մթնոլորտ մը։