Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը ձեռնարկած է մայրերուն նուիրուած գիրքի մը հրատարակութեան, որ պիտի կայանայ 2013ի ձմրան։
Սոյն գիրքը պիտի պարունակէ բազմաթիւ գրութիւններ՝ պատանիներու հեղինակութեամբ։
Մասնաճիւղին նպատակն է նմանօրինակ գիրք մը հրատարակել ոչ միայն քաջալերելու համար պատանիներուն սէրը հայերէն լեզուին եւ գրականութեան հանդէպ, այլեւ նուիրելու համար զայն բոլոր հայ մայրերուն՝ Հայ Մօր Տարուան առթիւ։
Այս առնչութեամբ, մասնաճիւղը դիմեց Քալիֆորնիոյ հայկական դպրոցներուն։ «Որքան քաջալերելի եւ հպարտանք էր տեսնել նոյնիսկ 18ամեայ երիտասարդներու գրութիւնները։ Ընդհանրապէս, աւելի փոքր տարիքի հեղինակներ կը սպասէինք։ Առաջին ծրարը, զոր ստացանք, լեցուն էր աւարտական դասարանի աշակերտներու գրութիւններով», յայտնեց մասնաճիւղի ատենապետուհի Ալին Պզտիկեան-Շիրաճեան:
Գիրքը պիտի պարունակէ նաեւ պատանիներու գծագրութիւններ՝ մայրերու նուիրուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.