
Համազգայինի «Յովհաննէս Թումանեան» մասնաճիւղը հրատարակեց 6րդ դաստիարակիչ որմազդը՝ նիւթ ունենալով Հայաստանի քարտէսը։ Այս հրատարակութեան շարքին առաջինը նուիրուած էր մայրերու, երկրորդը՝ մեր քայլերգին, երրորդը՝ հայկական նուագարաններու, չորրորդը՝ պտուղներու եւ բանջարեղէններու, իսկ հինգերորդը՝ թռչուններու։ Մասնաճիւղը այս հրատարակութինները նուիրեց հայկական դպրոցներու եւ հայկական կեդրոններու։
Սոյն ծրագիրը կարելի եղաւ իրագործել «Սիւզան Պզտիկեան Ֆոնտ»ին հովանաւորութեամբ։