Եկեղեցին Հայկական՝ ծովուն դիմաց ալեկոծ,
Նաւահանգիստ մէ՛ խաղաղ ցուրտ գիշերին՝ հուր եւ բոց,
Ու տօթակէզ ցերեկին՝ անտառ մըն է ստուերոտ,
Ուր շուշաններ կը ծաղկին Շարականի գետին մօտ:
Հայց. առաք. եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներուն մէջ, աստուածային ճառագայթումով եւ Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ հրաշակերպուած Քրիստոսի անարիւն զեղումն ու փրկագործութեան խորին խորհուրդն է Ս. պատարագը:
Ս. պատարագի հոգեզմայլ երաժշտութիւնն ու հոգեթով շարականները, իւրաքանչիւր պատարագի, կու գան կամրջելու երկինքն ու երկիրը: Ներկայ հաւատացեալները, պայծառացեալ հոգիներով ու մաքուր սիրտերով կը բարձրանան ստեղծուած այդ ոգեղէն կամուրջն ի վեր՝ ողջագուրուելու համար իրենց Արարիչին հետ:
Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ երգչախումբն ու Ս. պատարագի «Քաղցր ձայնիւ» երգեցողութիւնը եղած են ու պիտի մնան հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան ուշադրութեան կեդրոնը՝ հաւատալով, որ որքա՛ն գեղեցիկ երգուին մեր Ս. պատարագն ու շարականները, Աստուած այնքա՛ն աւելի կը փառաւորուի:
Ջերմապէս կը խնդրենք մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիներէն, որոնք ունին բնատուր գեղեցիկ ձայն եւ երաժշտական լսողութիւն, դիմել մեզի (Հեռ. 818-248-8080, email: derghevont@karazian.com), գալ եւ մաս կազմել եկեղեցւոյս երգչախումբին, եւ Աստուծոյ պարգեւած ձայնով Զինք փառաւորել, փոխարէնը՝ ստանալով աստուածային պարգեւներն ու Ս. Հոգւոյն շնորհքները:
«Ճաշակեցէք եւ տեսէք, զի քաղցր է Տէր, ալելուիա»:
Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ
Հովիւ եւ Հոգաբարձութիւն