
ՊԵՏՐՈՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Կլենտէյլի Համազգային Երաժշտական միաւորը (ՀԵՄ), որ կարծես հանգստեան կոչած էր իր գործունէութիւնը, յանկարծ կը վերայայտնուի հանրութեան: Ահա Հելէնը, Սեդան, Շուշիկը, Նունիկը, Նարգիզը, Տիանան, Հրայրը եւ Մհերը վերադարձած են կազմակերպչական իրենց ժրաջան գործին: Անոնք կը հրաւիրեն Աննա Մայիլեան քաջածանօթ երգչուհին եւ իր երրեակը որոնց շունչով հայ երգը ծաղկեցաւ ու հոսեցաւ մեր առաջ, իր բացառիկ տարազին տակ, Մայիս 9ին, 2013, Երիցական (Presbyterian) եկեղեցիէն ներս, կարծես միաձայն եւ միաշունչ տօնելու համար այդ օրուան զուգադիպող Շուշիի ազատագրման տարեդարձը:
Աննա Մայիլեան շրջած է աշխարհով մէկ եւ ակադեմական մրցանակներու արժանացած քիչ մը ամէն տեղ: 2010էն ի վեր ան Երեւանի Պետական երաժշտանոցի դասախօս է: Լոյս ընծայած է, ի միջի այլոց, Կոմիտասին նուիրուած տեսահոլովակը (Ռուբէն Ալթունեանի երաժշտագործի-քաւորումով, ղեկավարութեամբ Կարէն Տուրկարեանի):
Աննային երրեակը կ՛ամբողջացնեն որակաւոր մեներգողներ Արմինէ Խաչատրեանն ու Եւա Եգանեանը:
Այս երգեցիկ երրեակին դաշնակով կ՛ընկերակցի, կարգ մը երգերու ընթացքին, Լուսինէ Գրիգորեանը: Լուսինէն պարզ դաշնակահար-ընկերակցող մը չէ: Ան Երեւանի մէջ լոյս ընծայեց (2004ին), «Նարեկացի» Արուեստի կեդրոնի աջակցութեամբ, Կոմիտասի դաշնամուրի ստեղծագործութիւններու ալպոմը՝ հանդերձ այդ գործերուն ամբողջական նօթատետրով (փոքր չափի) եւ մասնագիտական վերլուծումով: Ահա արուեստի լրիւ գործ մը՝ լրիւ գիտական լրացուցիչ անհրաժեշտ տուեալներով, հոգիի եւ միտքի սնուցիչ Կոմիտասի ոչ-երգաձայնային ոլորտը բացայայտող: Այս առիթով կ՛ուզենք յիշեցնել մեր համայնքի ընթերցողներուն որ նոյնանման ալպոմ մը լոյս ընծայեց նաեւ ՀԵՄը 2006ին, դաշնակահարը՝ Արմէն Բաբախանեան: Համազգայինի այս ալպոմը ունի երկու սկաւառակ (CD). ասոնցմէ առաջինը նուիրուած է կոմիտասեան երգերէն դաշնամուրի մշակումներուն, հեղինակներ Կ. Սարաջեանի եւ Ռ. Անդրէասեանի կողմէ. ան ունի նաեւ մօտ 40 էջ ներդիր տետրակ:
Մայիս 9ի յայտագիրը, կրնաք կռահել, մեծ մասով կոմիտասեան էր: Կոմիտաս երգելը, երգ-դաշնակ, մէկ արուեստ, Կոմիտասը երրեակի տեսքով ներկայացնելը՝ ուրիշ արուեստ, այսինքն մեղեդիները վերախմբագրել երեք ձայնի համար կ՛ենթադրէ Կոմիտասի բազմաձայնային ոճին քաջածանօթ ըլլալ, որմէ ետք տակաւին անհրաժեշտ է, որ նորովի զգեստաւորուած Կոմիտասը համոզիչ կերպով ներկայացուի…: Օրինակ, յայտագիրին Ա. մասի 7րդ կտորը, «Գարուն աՍոնա եար»ի հիմնական երկու մեղեդիները բոլորիս ալ ծանօթ են: Երկու պարզ սկզբունքներով առաջնորդուած է Կոմիտաս. առաջին՝ դանդաղ կամ ծանր, խոհական երգին («Գարուն ա») կցած է ուրախ, խանդավառ երգ մը, ինչպէս հոս՝ «Սոնա եար»ը (սակայն Կոմիտաս միշտ չէ, որ այս երկու երգերը իրարու ետեւ շարած ըլլայ): Երկրորդ սկզբունք՝ երկու իրերայաջորդ երգերը ունենալու են նոյն նկարագիրը կամ ատաղձը: Մայիլեան երրեակը՝ նոյնպէս, սակայն

երրեակին բազմաձայնած վերոյիշեալ դանդաղ-արագ երգերու ձայնակազմութիւնը զգալիօրէն տարբեր է կոմիտասինէն. օրինակ, եթէ «Գարուն ա»ի ձայնային հիւսուածքը Բ. Եւ Գ. ձայներուն մէջ բաւականին նման է կոմիտասինին, «Սոնա եար» Կոմիտասի 8-ձայնային բազմաձայնումը շատ տարբեր է մեր լսած բազմաձայնուած «Սոնա եար»էն: Լեռներ-ձորեր թնդացնող կշռութային 8-ձայնային համակարգին (Կոմիտաս) կը հակադրուէր աւելի մեղեդիական եռաձայնը որ շատ ընդունելի էր եւ հարազատութիւն կը բուրէր: Ի հարկէ յայտագիրին բոլոր Կոմիտասները այսպիսի բարդութիւններ չէին ներկայացներ, կարեւորը մանաւանդ երրեակին ձայնային լիութիւնն ու ազատաթռիչ ճախրանքն էր որ մեզի յուզեց եւ որ այնքա՜ն ուսանելի է: Ակնբախ էր որ այս խմբակը իր արտակարգ կարողութիւնը ի սպաս դրած էր որ նոյնիսկ շատ ծանօթ երգերը աւելի նոր եւ ներգործիչ հնչէին:
Երգչուհիներէն իւրաքանչիւրը ունէր իր ուրոյն առանձնայատկութիւնը որ ի յայտ եկաւ երրեակէն դուրս արտայայտութեանց ընթացքին: Օրինակ Եւան փայլեցաւ Սայեաթ Նովայի եւ անոր շատ նման (ոճային առումով) մեզի անծանօթ Վլադիլեն Բալեանի «Ամէն տեսակ երգ երգեցի» երգերուն ընթացքին. Եւային երազային յուզականութիւնը շատ կը յարմարէր «Մէ խօսք ունիմ»ին: Արմինէն մեներգեց մեզի շատ մօտ ապրող Հենրիկ Անասեանի «Նորից եկան էն հաւքեր» պրոլետար գունաւորում ունեցող հաճելի երգը եւ մեզի ոտքի պահող սրտամօտ «Ցանկամ տեսնեմ»ը: Այս երկու երգերուն Արմինէին կ՛ընկերանար դաշնակով Լուսինէ Գրիգորեան: Այս վերջինը իր իւրայատուկ արուեստով փայլեցաւ Կոմիտասի քանի մը դաշնամուրի կտորներուն մէջ: Աննա Մայիլեանին վերապահուած էր մենակատարումներու մեծամասնութիւնը: Բեմային կատարումը կը կերպարանափոխէր երգչուհին. Աննան իր երգածը կ՛ապրէր յատուկ դրսեւորումով. մարմինով, ձեռքերով աչքերով նոյնքան իմաստ եւ եռանդ կ՛ապրէր որքան հոգիով, ձայնով կամ յատուկ շեշտաւորումներու ատեն, օրինակ երբ երգելէն աւելի մեզի կը փոխանցէր այդ յատուկ երգին հանդէպ իր զգացած անձնական սէրը, օրինակ Նիկոլ Գալանտէրեանի «Հով լինեմ»ը եւ «Արդեօք ուր ես»ը, առաջինը՝ ժողովրդային, անկաշկանդ եւ համարձակ, երկրորդը՝ աւելի ռոմանսի մօտ, երկուքին ալ Աննա բերաւ իր յատուկ ջերմութիւնն ու պայծառութիւնը:
Մեզի հարազատ եւ պաշտելի Բարսեղ Կանաչեան ներկայացուած էր երկու մեներգով՝ «Ցայգերգ» եւ «Ծիծեռնակ», երկուքն ալ Մայիլեանի կողմէ երգուեցան, ուր ի յայտ եկաւ արուեստագիտուհիին հարուստ ներաշխարհը, ձայնի բացառիկ որակը, մանաւանդ ազատ, մաքուր, բնական եւ արուեստացած հարստութիւնը արտայայտուելու գաղտնիքին:
Մայիլեանի երրեակ կը յատկանշուէր նաեւ իրարու հիւսուած ժողովրդական երգերու շարերով, ուր ազատօրէն մեներգին կը յաջորդէր զուգերգը կամ դաշնակի մենանուագը, մեզի օրօրելով, յուզելով, հայրենի ձորերով, դաշտերով, ուրախութիւններով. նոյնիսկ լսեցինք «Գովեայ Երուսաղէմ» եւ «Քրիստոս Պատարագեալ» կրօնական երգերը՝ ամբողջովին եւ բացառապէս հայ երգով շաղախուած այս իւրայատուկ յայտագրով:
Շնորհակալ ենք Համազգայինի Երաժշտական միաւորին այս շնորհաբոյր երգահանդէսին համար: