ՀՀ կառավարութեան Մայիս 16ի նիստին օրակարգի վրայ դրուած է Լիոնի մէջ գլխաւոր հիւպատոսարան հիմնելու ՀՀ նախագահի հրամանագիրի նախագծին հաւանութիւն տալու հարցը:
Հիւպատոսական շրջանին մէջ կ՛ընդգրկուին Ռոն-Ալփ, Օվերն, Լիմուզէն, Փուատու-Շարանթ եւ Աքիթէն շրջանները:
Ֆրանսայի հայ համայնքը՝ շուրջ 500 հազար բնակչութեամբ, կը հանդիսանայ աշխարհի ամենաստուար հայ համայնքներէն մէկը. անիկա կեդրոնացած է Փարիզ, Լիոն եւ Մարսէյ քաղաքներուն մէջ:
Ռոն-Ալփ շրջանի եւ անոր վարչական կեդրոն Լիոնի մէջ, որ կը հանդիսանայ Ֆրանսայի 3րդ քաղաքը, ինչպէս նաեւ շրջանի այլ քաղաքներուն մէջ (Վալանս Վիլիւրպան, Տեսին եւ այլն) հայերու թիւը ոչ պաշտօնական տուեալներով կը հասնի է100 հազարի:
Լաւ կազմակերպուած համայնքի ջանքերով Լիոնի մէջ կը գործեն հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանչական եկեղեցիները:
Շրջանին մէջ կը գործեն «Radio Armenie» (Լիոն) եւ «Radio A» (Վալանս) ռատիօկայանները. Լիոնի մէջ ֆրանսերէնով լոյս կը տեսնէ «Ֆրանս-Արմէնի» ամսաթերթը, որ Ֆրանսիայի մէջ երկրորդ մեծ համայնքային թերթն է «Նուվել տ՛Արմենի»էն ետք:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.