ՊՈԼԻՍ.- Հինգշաբթի, Մայիս 9ին կրօնական ու աշխարհիկ հանդիսութիւններով տօնախմբուեցաւ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան 181ամեակը:
«Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ մեր այս դարաւոր հաստատութիւնը իր պատմական դռները բացաւ հրաւիրեալներու եւ հիւրերու առջեւ, որոնք եկած էին հիւանդանոցի պատասխանատուներուն եւ անձնակազմին հետ միասին տօնախմբելու այս ուրախ օրը», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։
Առաւօտուն, Ս. Փրկիչ մատրան մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեանի կողմէ եւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց երգչախումբի երգեցողութեամբ։ Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօն կատարուեցաւ Կիւլպէնկեան գերդաստանի շիրիմներուն մօտ։
Յետմիջօրէին դարձեալ Ս. Փրկիչ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն նախագահեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը։
«Այնուհետեւ, Պիլէք հանգստարանի յարակից պարտէզին մէջ, հսկայ վրաններու տակ սարքուեցաւ 181ամեակի ճաշկերոյթը, որուն պատրաստութիւնը մեծ բծախնդրութեամբ ստանձնած էր ընդհանուր քարտուղարուհի եւ հանգստատուներու պատասխանատու Սիլվա Թրիքա։ Հաւաքոյթին նախագահեց Արամ սրբազան, պատուոյ սեղանի շուրջ իր քովն ունենալով Սահակ սրբազանը, Զաքէոս եւ Եղիշէ հայրսուրբները, քահանաներ, Շիշլիի փոխքաղաքապետ Վազգէն Պարընը, տիրամայր Մարի Մութաֆեանը, քոյր Գայիանէ Տուլգատիրեանն ու ազգային բարերարներ», կը պատմէ «Մարմարա»։
Ճաշի ընթացքին խօսք առաւ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ուրախութեամբ ընդգծեց, թէ համայնքի Գթութեան տունը Թուրքիոյ ամէնէն վստահելի առողջապահական կեդրոններէն մէկը նկատուած է ու իրե՛նք ալ ամէն ջանք կը թափեն, որպէսզի Հիւանդանոցը շարունակէ բարգաւաճիլ։ Ան դիտել տուաւ, որ պետական իշխանութիւններու կողմէ պարբերաբար բարեփոխումներ կ՛իրականանան առողջապահական մարզէն ներս եւ ատկէ կ՛օգտուի հիւանդանոցը՝ քայլը յարմարցնելով արդիական չափանիշներուն։ Նորարարական աշխատանքներն ու բժշկական նոր սարքեր կու գան աւելի լաւ «զինել» հիւանդանոցը՝ որակաւոր սպասարկութիւն կատարելու տեսակէտէ:
«Յուզումով ու յարգանքով կ՛ոգեկոչեմ յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք ապահովեցին մեր դարաւոր հիւանդանոցի գոյութիւնը եւ կանգուն պահեցին նուիրական այս հաստատութիւնը։ Շնորհակալ եմ բոլոր անոնց, ըլլան անոնք ինծի հետ համակարծիք կամ տարակարծիք անձեր, որոնք իրենց աւանդը բերին հիւանդանոցի բարգաւաճման», ըսաւ Շիրինօղլու։
Մինչ ճաշկերոյթը կը շարունակուէր, բոլորին բաժնուեցան տեղեկագիրներ՝ հիւանդանոցի ելմտական ծախսերու եւ գործունէութեանց մասին։
«Հաւաքոյթի հուսկ բանքը արտասանեց Արամ սրբազան որ նշեց, թէ իրեն համար ուրախութիւն ու պատիւ է մասնակցիլ այս հանդիսութեան, որ կը սարքուի 181ամեայ հաստատութեան համար, հաստատութիւն որ 181 տարիէ ի վեր պատնէշի վրայ է եւ յաջողութեամբ կը շարունակէ իր գնացքը՝ պատմութեան շաւիղներուն վրայ։ ան շեշտեց, որ Հիւանդանոցը թեքնիքագիտութեան տեսակէտէ ամէն անցնող օր ա՛լ աւելի կը զարգանայ եւ ատոր մէջ իրենց մեծ նպաստն ունին հոգաբարձուները, որոնք ոգի ի բռին կ՛աշխատին», կը գրէ «Մարմարա»։
Հաւաքոյթը վերջացաւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.