Թուրքիոյ Տրապիզոն նահանգի Օֆի շրջանի բնակիչ Հերմինա Տալմազեան «Տարուան Մայրը» Հռչակուած է:
Թրքական «Հիւրրիէթ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, թէ Հերմինա Տալմազեան տարիներ առաջ իր քոյրը տեսնելու համար մեկնած էր Թուրքիա եւ այդ ընթացքին ծանօթացած է Մուհամետ Ալի Շիմշեքի հետ, որուն կինը մահացած էր 9 տարի առաջ: Մուհամետ Ալի Շիմշեքը հայաստանցի կնոջ ամուսնութեան առաջարկութիւն կատարած է եւ դրական պատասխան ստացած:
Հերմինա Տալմազեան ամուսնանալէն ետք առած է ամուսինին ազգանունը եւ իր հարազատ երեխաներուն պէս հոգ տարած ամուսինի նախկին կնոջմէ ծնած 4 երեխաներուն, նաեւ՝ ծնունդ տալով 2 երեխայի:
Օֆի շրջանի քայմաքամ Էրեն Արսլան յայտնած է, թէ «Տարուան Մայրը» հռչակուած հայուհին ինքնազոհաբար 6 երեխաներու մայրութիւն ըրած է: Քայմաքամը նշած է, թէ հայ կնոջ հրաշալի վերաբերմունքին համար ինք անձամբ այցելած է անոնց տունը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.