ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- «Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնք» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ եւ Շուշի շրջանային գործադիր իշխանութեան նախկին ղեկավար Պայրամ Սաֆարով, դիմելով Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան՝ յայտարարած է. «Մինչեւ 1992 Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրած հայերը կրնան հոն ապրիլ: Անոնք հոն ապրելու իրաւունք ունին, որովհետեւ Ատրպէյճանի հանրապետութեան քաղաքացիներ են: Սակայն, այդ ընելու համար, անոնք պէտք է պաշտօնապէս ընդունին Ատրպէյճանի քաղաքացիութիւնը: Անոնք, որոնք չեն փափաքիր համատեղ ապրիլ Լեռնային Ղարաբաղի ատրպէյճանական համայնքին հետ, կրնան լքել այդ տարածքը, որովհետեւ մենք պիտի վերադառնանք մեր հողերը»:
Սաֆարով ընդգծած է, որ ի հարկին՝ ատրպէյճանցիները ռազմական միջոցներով պիտի վերագրաւեն Լեռնային Ղարաբաղը: «Բռնագրաւումը ձգձգելու Հայաստանի փորձերը հասկնալի են: Հայերը այդ ընելով՝ կը փորձեն ծածկել իրենց յանցանքները, որոնք իրականացուած են անզէն քաղաքացիներու դէմ», եզրակացուցած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.