ՖԻՆԻՔՍ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, Ապրիլ 7ին Հայ Դատին նուիրուած հանրային քննարկում մը տեղի ունեցած է Արիզոնայի հայութեան ներկայացուցիչներուն հետ, Ֆինիքսի Հայ կեդրոնին մէջ, որ շրջանի հայութեան գործունէութեան կիզակէտն է եւ ուրկէ իրենց աշխատանքները կը վարեն զանազան կազմակերպութիւններ, ներառեալ՝ ՀՕՄը, ՀՄԸՄը եւ ՀԵԴն:
«Ֆինիքիս եւ մօտակայ շրջաններու աշխոյժ հայութիւնը մեծ կարողականութիւն ունի: Հաւաքին ամենահետաքրքրական բաժինը ներկաներուն բազմազանութիւնն էր: Անոնցմէ ոմանք ծնած ու հասակ նետած էին Ֆինիքիսի մէջ, իսկ ուրիշներ միայն վերջերս Արիզոնա հաստատուածներ էին: Գաղութը համեմատաբար նոր է, որ Լաս Վեկասի եւ Արեւմտեան Ամերիկայի այլ քաղաքներու նման, սկսած է յատկանշական թիւով հայեր ներգրաւելու», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Ուիլեըմ Պայրամեան:
Հանրային քննարկման ընթացքին, Ուիլեըմ Պայրամեանի կողքին, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Թերեզա Երէմեան, որ մէկ օր առաջ Ֆինիքս ժամանած էր՝ մասնակից դառնալու համար քաղաքի ՀՕՄի «Արարատ» մասնաճիւղի ձեռնարկին: Երէմեան կը յայտնէ, թէ նման հաւաքներ յոյժ կարեւոր են ժողովրդային ներդրումին վրայ հիմնուած Հայ Դատի գործունէութեան համար՝ աւելցնելով, թէ անոնք նաեւ երկխօսութեան ու կարծիքներու փոխանակման շատ լաւ առիթներ կը ստեղծեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.