
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը մշակէ իր ընելիքները Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, կը յայտնէ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:
Ան կ՛ըսէ, թէ Ցեղասպանութեան 100ամեակին համար պէտք է լաւ պատրաստուիլ, քանի որ անիկա պէտք է դառնայ նոր խթան, նոր ուժ՝ ընդհանուր պայքարին ոգի տալու, նոր գործելաձեւ նախանշելու նպատակով:
«Պէտք է օգտագործել երիտասարդութեան ներուժը եւ աւագ սերունդի փորձառութիւնը այս հարցին գծով: Նախքան 100ամեակը աշխատանքները պէտք է ըլլան լաւ պատրաստուած եւ լաւ ուսումնասիրուած», կ՛ընդգծէ Կարապետեան՝ տեղեկացնելով, որ կը նախատեսեն Հոկտեմբերին Պրիւքսէլի մէջ իրականացնել Եւրոպահայութեան երրորդ համագումարը, որուն պիտի մասնակցին Եւրոպայի բոլոր երկիրներու հայ համայնքներէն ներկայացուցիչներ: «Համագումարը բաղկացած պիտի ըլլայ երկու հատուածէ: Առաջինը ներհայկականն է, որուն ներկայ պիտի ըլլան միայն հայերը: Այդ հանդիպման ընթացքին քննարկման գլխաւոր հարցը պիտի ըլլայ, թէ ինչպէս նախապատրաստուիլ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, ինչ յստակ ընելիքներ պէտք է իրագործուին եւ թէ ինչ կերպով պէտք է հակազդել թրքական սադրիչ յարձակումներուն: Իսկ երկրորդ հատուածին ներկայ պիտի ըլլան Եւրախորհրդարանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: Պիտի քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն համար Թուրքիոյ հատուցման վերաբերող հարցերը: Անդրադարձ պիտի ըլլայ նաեւ Արցախի ինքնորոշման եւ միջազգայնօրէն ճանաչման խնդիրներուն», կը բացատրէ Գասպար Կարապետեան: