
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
Եղեռնի հարիւրամեակի սեմին հայ ազգային բազմաճեղք էութիւնը կը սողոսկի դէպի 2015, առանց յստակ ընդհանրական օրակարգի եւ, ի բացակայութիւն, ազգային գաղափարախօսութենէ բխած վճիտ թելադրանքի:
Պահանջատիրութեան ճանապարհին օտար դաշնակիցներու բացակայութիւնը երկար ժամանակ է որ ակնյայտ է: Այո, գիտակից են ոճիրի ճշմարտութեան, բայց, ափսոս, ոճրագործին հետ անոնց ունեցած անխախտ մտերմութիւնը եւ փոխադարձ շահերը բաւարար են մեզ թելադրելու որ նիրհենք, սպասելով աւելի բախտորոշ օրերու, որոնք հարիւրամեակէ մը ի վեր… ժամանած չեն:
Իսկ երջանիկ թշնամին հաստատօրէն շարունակելով իր մեղանչումի ժխտումը՝ անփառունակ նենգութեամբ մը ամբարտաւանօրէն կը շարունակէ ուրացումի քաղաքականութիւնը, իր ծառայութիւններու լեցուն կողովով թմրեցուցած ըլլալով մշտահոս ախորժակներու տէր, յղփացած աշխարհակալները:
«Ասպետական սեւ սատանան» բարոյականութենէ զուրկ տրամադրութեամբ անգամ մը եւս դաւաճանելով ֆրանսական յեղափոխութեամբ իսկ մարմնաւորուած մարդկային ամենավեհ սկզբունքներուն՝ խելակորոյս կուրութեամբ կ՛առաջնորդէ՛ քան-դումի եւ հրկիզման քաղաքականութիւնը վարողներու վոհմակը Միջին Արեւելքի մէջ, ի մասնաւորի, հանդէպ անցեալին իր հոգատարութեան տակ գտնուող արաբական յառաջադէմ երկիրներէն Սուրիոյ, Արեւմուտքի եւ Իսրայէլի հաշուոյն ծունկի բերելու զայն, ի դէպ, անդամահատման եւ կործանումի գնով:
Իսկ այս բոլորին մէջ մեր ժառանգած բաժի՞նը… սուրիահայութեան տագնապը:
Բաւարար չէր կարծես Կիլիկիոյ անբարոյ պարպումը 1921ին եւ կամ Սանճաքի ոսկիէ ափսէի մը վրայ Թուրքիոյ ընծայումը 1937ին, ահա անգամ մը եւս, Եղեռնէն դար մը ետք կը դիմագրաւենք Սուրիական հայրենիքի նոյնանման անդամահատման վտանգն ու վախը, այս անգամ գուցէ կորսնցնելո՞ւ «երազային» Հալէպն ու դրախտանման Քեսապը, բորենիի լորձնաշուրթն երախներուն՝
«Ով մարդկային արդարութիւն
Թող ես թքնեմ քո ճակտին»:
Սուրիահայութեան տագնապը իր երկրորդ տարին բոլորեց աւելի բարդանալով եւ լուրջ վտանգի ենթարկելով սփիւռքահայ Մայր գաղութի բոլոր հայ հատուածները, Դամասկոսէն Ծովափ եւ Ճեզիրէի շրջան, բայց եւ մանաւանդ՝ Հալէպահայութիւնը:
Հալէպահայ մեր արենակիցները ատենէ մը ի վեր կ՛ապրին ահ ու սարսափի մէջ եւ Մեծ Եղեռնը յուշող պայմաններու տակ: Մասամբ՝ անպատսպար, պարպուած Նոր Գիւղ աւանով եւ վերջերս Շէյխ Թահայի տարածքով, շատ յաճախ առանց ջուրի, հոսանքի, սնունդի, եկամուտի, բժշկական հոգածութեան եւ հիւանդանոցի: Մէկ խօսքով՝ առանց կենսանիւթի ամենատարրական կարիքներուն:
Սուրիաբնակ սուրիահայութիւնը ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔԻ ՊԱՅՔԱՐ ԿԸ ՄՂԷ: Իսկ մենք՝ ազգովին, Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ կուրցած՝ չենք տեսներ տագնապը այնպէս, ինչպէս որ է:
Ամէնուրեք՝ «it is business as usual»:
Ճաշկերոյթ, հանդէս, Ապրիլ 24, 100ամեակ, նախագահական ընտրութիւններ, Րաֆֆիի ժողովրդական պայքար եւ այլն:
Այս բոլորը մեր ազգային եւ համայնքային կեանքի անբաժան մասնիկներն են, առողջութեան ջերմաչափը, խիստ կարեւոր են եւ պէտք է շարունակուին: Բայց մեր ազգային անմիջական օրակարգի վրայ՝ ո՛չ առաջնահերթ:
Կը յիշեմ Թէքէեանի ողբը՝
«Կը սպաննեն ազգ մը այնտեղ,
Ա՜հ, օգնութիւ՜ն, օգնութիւ՜ն»:
Մենք երախտապարտ ենք մեր ժողովուրդին: Երբ խնդրուեցաւ՝ ազնուօրէն արձագանգեցինք եւ մենք յաջողութեամբ եւ զօրակցութեան փայլուն արտայայտութեամբ պսակեցինք HyeAID-ը՝ Նոյեմբեր 11, 2012ին:
Մենք նաեւ երախտապարտ ենք մեր հայրենիքին, որ մայրական գութով հոգ կը տանի իր ծոցին մէջ ապաստան գտած գաղթական սուրիահայերուն:
Այս բոլորը սակայն բաւարար չեն տագնապի ահաւորութեան դիմաց:
Մարտահրաւէրը կը շարունակուի եւ պիտի շարունակուի մինչեւ «ջրհեղեղը ռումբերու գտնէ վերջ» եւ դադրի պատերազմի ու սարսափի այս արհաւիրքը: Եւ եթէ մինչեւ այսօր բոլորին կողմէ յայտարարուածին, խօսուածին կամ ըսուածին առնչութեամբ որեւէ կասկած կամ տարակուսանք կայ հասարակութեան ընդհանրական մտքին մէջ եւ կամ եթէ մինչեւ հիմա հնչուած ահազանգը բաւարար չէ տակաւին, այսօր, իմ եւ իմ համայնքի ներկայացուցիչ բոլոր գործակիցներուս անունով սուրիաբնակ սուրիահայութեան տագնապը կը հռչակեմ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏ, եւ կոչ կ՛ուղղեմ համայն հայութեան, որ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂԷՏի համապատասխան տրամադրութեամբ, պատրաստութեամբ եւ միջոցառումներով զօրաշարժի ենթարկենք մենք զմեզ՝ դիմագրաւելու աղէտը երկու ճանապարհներով.
1.- Շարունակել մարդկային ամենատարրական նիւթական օժանդակութիւնը՝ ապահովելու համար սուրիաբնակ սուրիահայութեան գոյապայքարը:
2.- Մղել մեր քաղաքական, եկեղեցական եւ բարեսիրական ղեկավարութիւնը եւ հայրենիքի միջազգային դիւանագիտական ամբողջ կարողականութիւնը պահանջելու առ որ անկ է վերջ տալ այս կործանիչ եւ գազանաբարոյ պատերազմին՝ կասեցնելով արտաքին բոլոր միջամտութիւններն եւ մղելով հակամարտ ուժերը բանակցութեան սեղանի: Մենք պարտական ենք այդ ասպնջական սուրիական հայրենիքին եւ ժողովուրդին: Չմոռնանք, թէ ցեղասպանը իր ծանօթ դերին մէջ է այս տագնապի հոլովոյթին: Պէտք է ամէն գնով վիժեցնել անոր ծրագիրները:
Իսկ մենք, այս ուղղութեամբ, հաւատարիմ մեզի վստահուած դերին եւ որպէս «Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմին»՝ ձեռնարկած ենք երկրորդ HyeAID ծրագիրի մը, որուն մանրամասնութիւնները շուտով մամուլի միջոցաւ կը հասնին բոլորին:
Հալէպէն հասած լուրերու համաձայն եւ նկատի ունենալով, որ այդ գաղութը, գերեզմանոցներու անհասանելիութեան պատճառաւ, իր մեռելներուն վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանելու պատեհութիւնը կորսնցուցած էր, տեղական պատկան իշխանութիւնները հայ համայնքին յատկացուցած են աւելի ապահով շրջանի մը մէջ յատուկ հողաշերտ մը: Այս ձեւով իրենց հանգիստը գտած են մեռելները:
Հապա ողջե՞րը:
***
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինի անդամները հետեւեալներն են.
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: Համացանցային հասցէն է՝
www.SyrianArmenianReliefFund.org
Anhraghesht e Miaceal Azgerun Kazmakerputeann dimi Hayastani Hanrapetunean Naxagah@ Inchpes naev bolor Haykakan Hamainqnern Turqiain mexadrelov nor Haykakan Jard kazmakerpelu phordzin mej. Hapaxel kareli che .Turqern u azerinern chen el taqcnum irenc npataknern/