ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Ապրիլ 20ին, Շաբաթ առտու, Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութիւնը այցելեց Մոնթեպելլոյի Հայ Նահատակաց յուշարձանը:
Աշակերտներէ, ուսուցչական կազմէ, ծնողներէ եւ մեծ հայր ու մեծ մայրերէ բաղկացած խումբը ծաղիկներ զետեղեց յուշարձանին առջեւ: Շատ փոքրիկներու համար ասիկա առաջին ուխտագնացութիւնն էր: Անոնք յուշարձանի գմբէթին տակ միաբերան արտասանեցին Տէրունական աղօթքը, երգեցին «Մարմին Տէրունական» շարականը եւ «Զարթիր Լաօ՛» երգը:
Վարժարանի տնօրէն Նորայր Տատուրեան փոքրիկ աշակերտներուն ուղղուած իր խօսքին մէջ բացատրեց, թէ որքա՛ն կարեւոր էր այդ այցելութիւնը՝ անմեղ զոհերու ամէնամեայ ոգեկոչումը: Ան աւելցուց նաեւ, թէ աշակերտները, որպէս վերապրող ազգի զաւակներ, պէտք է բոլոր նահատակներուն յիշատակը վառ պահեն՝ խօսելով հայերէն, երգելով հայերէն ու աղօթելով մայրենիով:
Այցելութեան մասնակցած ծնողները երախտիքի խօսք յայտնեցին տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն՝ կազմակերպուած երթին համար:
Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ վարժարանը իր հինգ դասարաններով կը ծառայէ Սան Կապրիէլ հովիտի 5էն 12 տարեկան հայ զաւակներուն: Լեզուական եւ գրական գիտելիքներու առընթեր, վարժարանը մանուկներուն կը փոխանցէ տոհմային արժէքներ, ինչպէս՝ ազգային երգեր, հայկական աւանդական պարեր, պատմութիւն, տօնական աւանդութիւններ, եւ այլն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.