ՊՈԼԻՍ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Չորեքշաբթի, Մայիս 1ին, Աշխատաւորական օրուան առիթով Պոսլոյ մէջ տեղի ունեցած ցոյցը վերածուած է իսկական քաոսի, երբ թրքական ոստիկանութիւնը հաւաքուած ամբոխը ցրուելու համար սկսած է ուժի դիմելու: Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուած է առնուազն 28 հոգի: Ոստիկանութիւնը նաեւ աւելի քան 70 ցուցարարներ ձերբակալած է: Պոլսոյ իշխանութիւնները նախապէս յայտարարած էին, որ Թաքսիմ հրապարակին վրայ նախատեսուած հաւաքին արտօնութիւն չեն տուած: Քաղաքի ոստիկանութեան օժանդակելու նպատակով, Ատանայէն, Էրզրումէն ու այլ շրջաններէ ոստիկաններ Պոլիս բերուած էին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.