
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Նոր Կիրակիի օրը՝ Ապրիլ 7ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան հանդիսապետեց Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ կատարուած ժամերգութեան եւ ապա մատուցուած Ս. պատարագին: Պատարագիչն էր ծուխի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան: «Հայր Մեր»էն առաջ, սրբազան հայրը սարկաւագ ձեռնադրեց Գէորգ Թահմիզեանը եւ Նարեկ Գասեանը, տուաւ իր խրատականը, յորդորեց զիրենք վերանորոգուած նուիրումով շարունակել փոքր տարիքէն սկսեալ իրենց մատուցած ծառայութիւնը:
Ապա, պատարագիչ տէր հայրը ափսէի մէջ ունենալով Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կոնդակը՝ տաճարի գաւիթէն դէպի դաս առաջնորդեց տէր եւ տիկին Վաչէ Սեմերճեանները, մինչ երգչախումբը կ՛երգէր «Հրաշափառ» շարականը: Խորանէն, տէր հայրը ընթերցեց կոնդակը, ապա սրբազան հայրը «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանով պարգեւատրեց Վաչէ Սեմերճեանը եւ շքանշանով մը նաեւ՝ տիկին Սեմերճեանը:
Սրբազանը ջերմապէս շնորհաւորեց Վաչէ Սեմերճեանը՝ անդրադառնալով անոր երկար տարիներու ազգային-հասարակական ծառայութեան, գրական հարուստ վաստակին, խմբագրական եւ դաստիարակչական աշխատանքներուն, ապա բարեմաղթութիւններ կատարեց:
Սրբազանը նաեւ գնահատեց Ոսկրածուծի նուիրատուներ ապահովող յանձնախումբի աշխատանքը՝ նախագահութեամբ դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի, եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Ապա ան քարոզեց Նոր Կիրակիի՝ Կրկնազատիկի խորհուրդին մասին:
Արարողութեան աւարտին, ի պատիւ նոր ձեռնադրուած սարկաւագներուն, առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահը տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը, որ պատրաստուած էր տաճարի տիկնանց միութեան կողմէ: