ԼՈՆՏՈՆ.- Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ բրիտանական «Կարտիըն» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ Սուրիա քարտէսէն պիտի ջնջուի, եթէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հիմա իշխանութենէն հեռանայ: Ան «նոր գաղութատէրեր»ը՝ Բրիտանիան եւ Ֆրանսան, ամբաստանեց իր երկրին մէջ տեղի ունեցող պատերազմի շարունակման համար «Քայիտա»ին աջակցելու յանցանքով: «Ասատ իշխանութենէն պիտի չհեռանայ, եւ Սուրիա պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ ու քարտէսէն պիտի ջնջուի, եթէ Ասատ հիմա՝ նախքան բոլոր սուրիացիներուն միջեւ քաղաքական ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութեան գոյացումը, հեռանայ», շեշտեց ան: Մըքտատ նաեւ յայտնեց, որ Յորդանան վտանգաւոր խաղ կը խաղայ՝ արտօնելով իր հողերէն զէնքի մատակարարումը՝ Սուրիոյ մէջ ապստամբ խմբաւորումներուն: Ան ազդարարեց, որ այն խմբակները, որոնք Սուրիոյ մէջ անմեղներ կը սպաննեն, Յորդանանի մէջ ալ նոյնը կրնան ընել:
Ինչ կը վերաբերի քիմիական զէնքերու օգտագործման՝ ան յայտնեց, որ իր կառավարութիւնը որեւէ կասկած չունի, թէ ընդդիմադիրները Հալէպի մօտ գտնուող Խան Ասալի մէջ օգտագործած են այդ զէնքերը, եւ որ «համաձայն պիտի գտնուինք միայն ՄԱԿի կողմէ իսկական հետաքննութեան մը»: Մըքտատ նաեւ Իսրայէլը ամբաստանեց Սուրիոյ տագնապին մեղսակցութեան յանցանքով՝ նշելով, որ Տարաա նահանգին մէջ «Մոսատ»ի գործակալներ սպաննուած են:
Իր կարգին, իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը պատրաստ է որեւէ պահու Սուրիոյ հետ պատերազմելու, սակայն մօտիկ ապագային ատոր հաւանականութիւնը բացառեց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.