ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».– Յունիսին սկսելիք միասնական քննութիւնները արդէն մտած են նախաքննական հանգրուան: Աւարտած է առաջին հանգրուանի յայտագրումն ու ճշգրտման հանգրուանը, որուն ընթացքին շրջանաւարտը իրաւունք ունի ընդհանրապէս հրաժարելու նախապէս որոշած քննութենէն եւ նոր դիմում- յայտ ներկայացնելու: Այժմ տուեալներու արձանագրութեան հանգրուան է, որուն հիմին վրայ պիտի տպագրուին քննութիւնները:
Նշենք, որ այս տարի ձեւաւորուած է միասնական քննական 34 կեդրոն՝ անցեալ տարուան 40ի փոխարէն: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին «Գնահատման եւ թեստաւորման կեդրոն»ի տնօրէն Գագիկ Մելիքեան յայտնած է, որ այս տարի քննութիւններու կայացման իմաստով որեւէ փոփոխութիւն չէ կատարուած: Միակ փոփոխութիւնը կը վերաբերի դիմորդներու նախապատրաստական քն-նութիւններուն:
Փորձնական քննութեան դիմորդները կրնան մասնակցել ըստ փափաքի եւ անոնք պիտի կայանան յառաջիկայ շաբաթուընէ: Ինչ կը վերաբերի արդէն գործնական քննութիւններուն, ԳԹԿ քննութիւններու կազմակերպման բաժնի պետ Կարօ Նասիբեան նշած է, որ նախնական տուեալներով, առաջին հանգրուանի դիմորդները 15 հազար են, իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ դիմորդներուն թիւը շատ աւելի փոքր է, քան համալսարաններուն մէջ տրամադրուող ընդունելութեան տեղերը:
Նշենք, որ նախորդ տարի առաջին հանգրուանին մասնակցելու դիմում ներկայացուցած էր աւելի քան 16 հազար անձ։
Յատկանշական է, որ այս տարի մեծագոյն թիւով յայտերը ներկայացուած են հայոց լեզու եւ գրականութեան համար՝ աւելի քան 9000 դիմորդ: Երկրորդ դիրքի վրայ է ուսողութիւնը, իսկ երրորդ՝ օտար լեզուները։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.